Շաբաթ, 15 Յունիս 2013-ին, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մեսրոպ Մաշտոց վարժարանի բարերարներու պարգեւատրումը:
Օրուան հիւրերն էին Հայաստանի Համազգայինի հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեանը, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Հերոս Գրիգորեանը եւ բարերարներ Պրն. Յարութիւն եւ Օրդ Սոնիա Մատթէոսեանները: Հանդիսութեան ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Ազատամարտի Դիւանը, գաղութի Հովիւ Հայր Ներսէս Յարութիւնեան, Մեսրոպ Մաշտոց վարժարանի աշակերտներ, ծնողներ, Համազգայինի անդամներ եւ մէլպուրնահայ ազգայիններ:
Բացման խօսքը կատարեց Կոմիտաս մասնաճիւղի վարչութենէն Թալին Արամեանը, որ նշեց Համազգայինի հայապահպանումի կարեւոր դերը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, իր ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններով, թատերական եւ պարախումբի միաւորներով, գրական յանձնախումբերով, եւայլն:
Դպրոցի ուսուցիչներէն Գէորգ Գրոզեան ընթերցեց Լիլիթ Գալստեանի կենսագրական գիծերը: Ապա գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկան յաջորդաբար դպրոցի աշակերտներէն Գէորգ Քէյվանեան, Արէն Քրտոքեան, Լուսիկ Կիրակոսեան իրենց արտասանութիւններով, ծիլ դասարանի աշակերտներէն Ռաֆայէլ Միրաբեան՝ ջութակի նուագով, իսկ բարձրագոյն դասարանի աղջիկները՝ իրենց գեղեցիկ նազպարով:
Այնուհետեւ Գէորգ Գրոզեան հրաւիրեց Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Հերոս Գրիգորեանը, որ անդրադարձաւ Համազգայինի 85 եւ Աւստրալիոյ Համազգայինի 50 ամեակի առիթով Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած բոլոր ձեռնարկներուն, ապա հրաւիրեց օրուան հիւրը՝ Լիլիթ Գալստեանը:
Գալստեան անդրադարձաւ հայրենիքի եւ սփիւռքի Համազգայինի մեծ ընտանիքի գործունէութիւններուն, ապա հրաւիրեց բարերարները Պրն. Յարութիւն եւ Օրդ Սոնիա Մատթէոսեանները, որոնք Հայ Կեդրոնի Դպրոցի շէնքի շինութեան համար նուիրած էին 250,000 տոլար, գնահատելոց զանոնք եւ պարգեւատրեց Համազգայինի բարձրագոյն շքանշանով եւ Պատուագիրով: Գալստեան անդրադարձաւ նաեւ Մատթէոսեան ընտանիքի Հայաստանի Ախուրեանի Մօր եւ Մանկան Ծննդարան Հիւանդանոցի մեծագոյն բարերարութեան եւ մասնաւորաբար իրենց իշխանական վեհանձն զոհողութեան ոգիին եւ հայրենասիրութեան:
Պրն. Յարութիւն խօսք առնելով, անդրադարձաւ Ախուրեան ծննդարանի մասին, ուր արդէն 6000 մանուկներու ծնունդով աւելցուցած էին մեր ազգի մարդահամարը, ան իր մաղթանքը ուղղեց Մեսրոպ Մաշտոց Վարժարանի աշակերտութեան թիւին եւս, որպէսզի ան նոյն թիւով բարգաւաճի ապագայ կառուցուելիք դպրոցի շէնքէն ներս:
Գաղութի Հովիւ Հայր Ներսէս Յարութիւնեանը եզրափակեց օրուան յայտագիրը շնորհաւորելով Համազգայինի 85 եւ Աւստրալիոյ Համազգայինի 50 ամեակները, մաղթելով սփիւռքի այսպիսի նորանոր ամեակներ եւ յաջողութիւններ, օրհնելով դպրոցի բարերարները, ապա Պահպանիչով փակեց օրուան ձեռնարկը:
Խանդավառուած այս ուրախ առիթէն, Մատթէոսեան ընտանիքները դպրոցի նոր շէնքի կահաւորման համար նուիրեցին 6000 տոլար: Վարձքերնին կատար եւ բարի առողջութիւն: Դպրոցի ծնողներուն կողմէ պատրաստուած համեղ ուտեստեղէններով հիւրասիրուեցան ներկաները:
Զվիկ