Եւրոպա
Շրջանային Վարչութիւններ
Կիրակի՝ 28 Փետրուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 6-9, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի զոյգ սրահներուն մէջ, տեղի ունեցաւ Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան փոքրերու «Մարալօ» պարախումբի պարհաւաքոյթը, կազմակերպութեամբ համանուն խումբի նորանշակ ԾՆողական Միութեան, միաւորի վարչութեան, պարուսոյցի ու օգնականներու։
Ձեռնարկին ներկայ եղաւ նաեւ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Վահրիճ Աբղ. Ղարախանեան։ Երգը, պարը, զուարճութիւնը, խաղը այլեւ Ծնողականի ընկերուհիներուն կողմէ ու այլ ծնողներէ սիրայօժարօրէն պատրաստուած հիւրասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ խնճոյքի ընթացքին հրամցուած գեղարուեստական յայտագիրը, սքանչելի ամբողջութիւն մը կազմեցին շուրջ 50 փոքրերու եւ երկու տասնեակէ աւելի իրենց ծնողներուն, որոնք միասնաբար ըմբոշխնեցին ներկայացուած օրուան ծրագիրը։