Շաբաթ, 15 Հոկտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Արեւելեան Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ գործող «Merry-Go-Round» մանկամսուրին (Թինէք, Նիւ Ճըրզի) պաշտօնական բացումը։ Մանկամսուրը կը ծառայէ տեղւոյն համայնքին, նպատակ ունենալով նիւթական միջոցներ ապահովել Համազգայինին։ Բացումը հովանաւորեց Թեմիս Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան, մասնակցութեամբ՝ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի եւ Նիւ Ճըրզիի Սրբց. Վարդանանց Եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Յովնան Քհն. Պօզոյեանի։
Բացման ներկայ էին հիւրեր, անձնակազմի անդամներ, հիմնադիրներ, նուիրատուներ, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Հոն էին Ուաշինկթընէն Հ.Յ.Դ.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովսէփ Աւագեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Հրայր Պարոնեան, Նիւ Եորքի Արմէն Գարօ Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արմէն Գաբրիէլեան, Ուաշինկթընէն՝ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան նախկին Ատենապետ Տոքթ. Տիգրան Գազանճեան, Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Շրջանայինի ներկայացուցիչներ Թալին Տաղլեան, Սանտրա Վարդանեան եւ Սոնիա Պզտիկեան, Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Տիկին Սօսի եւ Տոքթ. Կրէկ Գազանճեանները, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներ, Ֆիլատելֆիայի Համազգայինի ներկայացուցիչներ՝ Լենա Օհաննէսեան եւ Քարի Ղեզարեան: Լոս Անճելըսէն ներկայ էին դերասան-բեմադրիչ Վահիկ Փիրհամզէի եւ դերասան, գրող եւ արուեստագէտ Վահէ Պերպէրեան, որոնց ներկայութիւնը մեծապէս գնահատուեցաւ բոլորին կողմէ։
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Համազգային Արեւելեան Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Արեւիկ Գաբրիէլեանը եւ հրաւիրեց օրուան հանդիսավար՝ Համազգայինի վաղեմի անդամ եւ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի Ատենապետ Անի Չաղլասեանը, որ նաեւ այս մանկամսուրի հիմնադիրներէն մէկն է։ Շրջանային Վարչութեան փոխ-ատենապետ Յասմիկ Աբրահամեան իր խօսքով ներկայացուց, թէ ինչպէ՞ս մանկամսուրը հիմնելու գաղափարը ծնունդ առած էր պարզ ընկերային զրոյցի մը ընթացքին, ուր կը քննարկուէր Համազգայինը նիւթապէս ինքնաբաւ դարձնելու հարցը։ Երազով մը սկսած այս գաղափարը երկու տարի ետք արդէն դարձած էր իրականութիւն, շնորհիւ հիմնադիրներուն եւ նուիրատուներուն հաւատքին ու յարատեւ աշխատանքին։