Համազգայինի Ատիկէի մասնաճիւղը (Ֆիքս-Գոքինիա), Նոյեմբեր 2014-ին կայացած 19-րդ Ներկայացուցչական ժողովէն ետք, վերականգնուեցաւ որպէս Ատիկէի միացեալ մասնաճիւղ՝ «Սօս-Վանի» անունով։
Նոյեմբեր 2014-ին եւ Ապրիլ 2015-ին, Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի մէջ կայացած իր հին ու նոր անդամներով գումարուած բաց ժողովներէն ետք, Կիրակի՝ 17 Մայիս 2015-ի կէսօրին, վարչութիւնը կազմակերպեց ընկերային ճաշ-հաւաքոյթ մը Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահէն ներս։
Հաւաքոյթին բոլոր համեղ ճաշերն ու անուշեղէնները պատրաստուած էին վարչութեան եւ ընդհանրապէս համազգայնական անդամներուն կողմէ, որպէսզի 5 եւրոյի մուտքի գումարով մը միութիւնը կարենայ փոքրիկ հասոյթ մը ապահովել նոր կազմակերպուող մասնաճիւղին՝ միութենական ու վարչական կարիքները գոհացնելու եւ ապագայի իր ծրագիրները յաջողցնելու նպատակով։
Այսպէս, հաւաքոյթ-ճաշկերոյթը բառին պարզ իմաստով միայն ճաշկերոյթ մը չեղաւ, այլ գեղեցկօրէն համեմուեցաւ Համազգայինի առաքելութեան ու կոչումին վայել յանպատրաստից ինքնաբուխ գեղարուեստական յայտագրով մը՝ Ճաշկերոյթին ներկայ անդամներուն կողմէ,- երգ, խմբերգ, ասմունք, պար։
Ձեռնարկը իր ներկայութեամբ պատուեց՝ Շաբաթ՝ 16 Մայիսին, Բարնասոս սրահին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած համերգին նուագախումբի ղեկավար, Հայաստանի ֆիլարմոնիք նուագախումբի մայեսթրօ Ռուբէն Ասատրեան։