Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի 10րդ Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ13 Հոկտեմբեր 2009-ին Նիկոսիոյ մէջ, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Մարտիկ Տեմիրճեանի:
Ժողովը մանրամասնօրէն քննելով Վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը բարձր գնահատեց զայն, ի մասնաւորի պարախումբի եւ թատերախումբի գծով անոնց տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ շրջաններու, յատկապէս Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հետ խումբերու փոխանակումը եւ ելոյթներու կազմակերպումը:
Ժողովը հաստատեց, որ յառաջիկայ տարուան գործունէութեան մէջ շեշտը պիտի դրուի հայկական մշակոյթի բարձրորակ ձեռնարկներու կազմակերպման վրայ:
Շրջանային Վարչութեան նորընտիր անձնակազմը.-
Ատուր Գարկիւլեան
Էֆի Մահտեսեան
Լիլի Յովսէփեան
Վարդ Կէօքճեան
Շուշիկ Բագալեան
Վարդ Մահտեսեան
Հրայր Ղազարեան
Յաջողութիւն կը մաղթենք վարչութեան աշխատանքներուն: