Ամառուան երկար դադարէ մը ետք, որուն ընթացքին հիմնական վերանորոգման ենթարկուեցաւ մեր ակումբը, 15 Նոյեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի 2017-18 տարեշրջանի Բ. Մշակութային Երեկոն, որ իր յայտագրի ճոխութեամբ խանդավառեց ներկաները, որոնց թիւը այս առիթով հասած էր 60-ի, մրցանիշ՝ Համազգայինի Մշակութային Երեկոյի համար: Ա. երեկոն տեղի ունեցած էր Յունիսի 17-ին, 53 հոգիի ներկայութեամբ:
Վարչութեան ատենապետի բացման խօսքէն ետք երիտասարդ մտաւորական եւ ուսուցիչ Հրայր Եսայեան խօսեցաւ համաշխարհային պատմութեան հոլովոյթին մէջ մշակոյթի կարեւոր դերակատարութեան մասին, յատկապէս անդրադառնալով հայ ժողովուրդին: Իր խօսքի վերջաւորութեան ան անդրադարձաւ նաեւ Համազգայինի առաքելութեան եւ այդ կապակցութեամբ տարուող աշխատանքներուն: Ապա ցուցադրուեցաւ Համազգայինի մասին տեսերիզ մը, որ գեղեցկօրէն կը ներկայացնէր Համազգայինի աշխարհասփիւռ աշխատանքները, իր դպրոցներուն, կեդրոններուն, հրատարակչականին եւ անհամար արուեստի խումբերուն ընդմէջէն:
Յայտագրի յաջորդ բաժինով՝ «Ամսուան Գիրքը», Արթօ Դաւիթեան համառօտ կերպով ներկայացուց Պերճուհի Բարսեղեանի «Խանձուած Օրեր» գիրքը: Բացատրութիւններ տրուեցան հեղինակի կեանքի ոդիսականին եւ գիրքի բովանդակութեան մասին ու յայտարարուեցաւ, որ այս հրաշալի գիրքէն օրինակներ տրամադրելի են՝ գնել փափաքողներուն համար:
Յայտագրի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցան Նառա Սարդարեանի (դաշնակ) եւ Ալիսա Ոսկանեանի (քանոն), որոնց երաժշտական գեղեցիկ կատարումը մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ: Անոնք ներկայացուցին «Էրզրումի Շորոր» եւ «Տրապիզոնցիների Պար» կտորները, բուռն ծափեր խլելով հանդիսատեսներէն:
Երեկոն փակուեցաւ գինիի եւ թեթեւ ուտելիքի աւանդական հիւրասիրութեամբ, որուն ընթացքին ծախուեցան նաեւ ամսուան գիրքէն օրինակներ: