29 Մարտ 2017-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի հերթական մշակութային երեկոն, ներկայ տարեշրջանի երրորդը, դարձեալ 40-է աւելի ներկաներով:
Յայտագրի առաջին բաժինով Վարդան Թաշճեան ներկայացուց գրագէտ-ուսուցիչ Վահրամ Մավեանը, որ ներկաներէն շատերուն ծանօթ էր իբրեւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան իրենց ուսուցիչը: Վարդան Թաշճեան հանգամանօրէն խօսեցաւ Մավեանի կեանքին ու գործին մասին, յատկապէս կեդրոնանալով անոր ուսուցչական տարիներուն վրայ, երբ ինք ալ իբրեւ աշակերտ դաստիարակուած էր դասարանին մէջ անոր հմայիչ ու ոգեշնչող ներկայութեան ազդեցութեան տակ:
Յայտագրի երկրորդ բաժինով Ալիս Այվազեան ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի երաժշտական ժառանգութիւնը: Ան բացատրութիւններ տուաւ հայկական խազագրութեան մասին, նշելով Կոմիտասի տարած աշխատանքը այդ հոյակապ ձայնագրական համակարգի վերծանումին համար: Ապա, ան ծանրացաւ Կոմիտասի՝ հայ երգը օտար ազդեցութիւններէ ձերբազատելու աշխատանքին վրայ, մէջընդմէջ մեներգելով անոր մշակումներէն յատկանշական նմոյշներ:
Երեկոն փակուեցաւ ընդհանուր գոհունակութեան մթնոլորտի մէջ վկայելով, որ Համազգայինի մշակութային երեկոները սկսած են փնտռուիլ կիպրահայութեան մշակութասէր տարրերուն կողմէ: