Դեկտեմբերի սկիզբը Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի 80ամեակի տօնակատարութիւնը, որուն ընթացքին միութեան կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց, թէ իր շքանշանով կը պարգեւատրէ Օրդ.Ալիս Գազանճեանը եւ Պրն.Անթուան Քեհեայեանը(Սըր) անոնց աւելի քան յիսուն տարիներու ուսուցչական-մանկավարժական ծառայութեան համար: Վերոյիշեալ հանդիսութենէն կը բացակայէր բոլորին սիրելի Սըր-ը՝ առողջական պատճառներով: Հետեւաբար Երեքշաբթի 23 Դեկտեմբեր 2008ին Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւն մը այցելեց իրեն՝ իր բնակարանը, յանձնելու համար շքանշանը եւ անոր ընկերակցող վկայագիրը:
Մտերմիկ կարճ խօսակցութենէ մը ետք Սըր-ին յանձնուեցաւ նախ վկայագիրը: Տեսողութեան դժուարութիւններու պատճառով Սըր-ը դանդաղօրէն սկսաւ կարդալ գրութիւնը՝ þþՀամազգային կրթական եւ մշակութային միութիւնþþ ու կանգ առաւ ըսելու համար՝ þþԳիտե՞ս, ինչ մեծ գործեր ըրած է Համազգայինը: Գիտե՞ս, որ ժամանակին Սուտանէն, Պարսկաստանէն, Ամերիկայէն, Յունաստանէն եւ ուրիշ տեղերէ որքա¯ն աշակերտներ եկած են, այստեղ բան սորված, իրենց երկիրները վերադարձած եւ այդտեղ գործ տեսած ենþþ: Սըր-ը յուզուեցաւ եւ իր անձին վերաբերող բաժինը ա°լ չկարդաց. սկսաւ շարել անուններ. յիշեց աշակերտի մը պարագան, որ տարեշրջանի ընթացքին զինք բաւական չարչարելէ ետք, տարեվերջին մեկնումի պահուն յուզումով բաժնուած էր իրմէ: Իրեն ըսինք, որ այդ հսկայական գործը առանց իր հայրական վերաբերումին կարելի եղած պիտի չըլլար (Սըր-ը Ճեմարանի գիշերօթիկ բաժնի պատասխանատու եղած է, գրեթէ սկիզբէն՝ մինչեւ անոր փակումը պատերազմի պատճառով): Նորէն յուզուեցաւ, երբ իրեն ըսինք իրականութիւնը. թէ ինչպէս, երբ հարիւրաւոր նախկին գիշերօթիկ սաներէն երկու հոգի իրարու հանդիպին, ամէն բանէ առաջ Սըր-ին մասին կը հարցնեն. թէ որքան սիրած ու յարգած են զինք. թէ ինչպէս անոնք ժամանակին իրենց ծնողքի բացակայութիւնը չեն զգացած՝ իր ներկայութեան շնորհիւ:
Վկայագրէն ետք բացուեցաւ շքանշանը պարունակող տուփիկը: Իր աչքերը շքանշանէն աւելի նշմարեցին անոր ժապաւէնի գոյները. կարմիր, կապոյտ, նարջագոյն: Եւ Սըր-ը սկսաւ խօսիլ Սիմոն Վրացեանի մասին, անոր հետ իր անցուցած ժամանակին մասին՝ միաժամանակ պատմելով անոր գիւտարար սրամտութենէն օրինակներ:
Այսպէս, խոր ծերութեան մէջ, Անթուան Քեհեայեան Սըր-ը, ազնուականի կերպարանքով, կ°ապրի ու կը շնչէ Ճեմարանով , Ճեմարանին համար եւ անոր յիշատակներով: Վկայագիր ու շքանշան դրուեցան իրենց պահարաններուն մէջ առանց յաւելեալ ուշադրութեան արժանանալու: Ծառայողին համար ի՞նչ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն թուղթի եւ մետաղի կտորները, երբ անդին կեանք մը ամբողջ անսակարկ ու ամբողջական կերպով նուիրաբերուած է սերունդ պատրաստելու, սերունդ դաստիարակելու գործին:
Սըր-ը յուզած էր, յուզուած՝ բայց յայտնապէս ուրախ:
Ներկաներէն մէկը