Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար ժողովը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 5-7 իր նստավայր` Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն ներս: Ժողովը համապարփակ կերպով քննեց անցնող միամեայ գործունէութիւնը, հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի մէջ գտնուող Համազգայինի հաստատութիւններու տնօրէններուն եւ պատասխանատու մարմիններուն հետ եւ գծեց յաջորդ տարուան գործունէութեան ընդհանուր ուրուագիծը: