Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը 19 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ սկսաւ իր լիագումար նիստերուն, որոնք պիտի երկարին 3 օրերու վրայ:
Ժողովը համապարփակ կերպով պիտի քննէ Համազգայինի աշխարհատարած կազմակերպութեան կրթական հաստատութիւններու, հրատարակչական մարզի, կազմակերպական շրջաններու, Բագինի, Ուսանողական հաւաքի եւ ընդհանրապէս հայրենիք-սփիւռք երկկողմանի մշակութային եւ կրթական կապերուն իրավիճակը, իրագործումները եւ զանոնք արժեւորելէ ետք պիտի անդրադառնայ յառաջիկայի ծրագիրներուն:
Ժողովի աւարտին պիտի հրապարակուի հաղորդագրութիւն մը:
19 Սեպտեմբեր, 2009
Երեւան