Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը «Պէյրութ Չանթս»-ի նախաձեռնած հոգեւոր երաժշտութեան Պէյրութի 7-րդ փառատօնի ծիրին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով տօնական համերգ մը ներկայացուց Շաբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Համերգին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը: Խումբերու գեղարուեստական ղեկավարն ու խմբավարն էր Զաքար Քէշիշեան, իսկ դաշնակահարները` Լիանա Յարութիւնեան եւ Արեգ Տաղլեան:
Համերգին բարի գալուստի խօսքը փոխանցուեցաւ արաբերէնով, նշուեցաւ, որ հաւաքուեր ենք մասնակից դառնալու փոքրիկ հրեշտակներու Ամանորի հոգեւոր եւ աւանդական երգերու կատարումներուն: Այս առիթով շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ Փոլա Եագուպեանին, որ հովանաւորեց համերգը եւ նեցուկ կանգնեցաւ անոր կայացման: