Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցին, 4 Յուլիս 2008-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցի 2007-2008 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը, որ իր բնոյթով առաջինն էր:
Հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի տնօրէն Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ ըսաւ, թէ Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցի «Ընկ. Փանջունի ի Ծապլվար» կատակերգութեան ողջունելի ու բարձրորակ ներկայացումէն ետք, այսօրուան հաւաքը շարժառիթ մըն է մօտէն ծանօթանալու դպրոցի աշխատելաձեւին ու աշակերտներու դերասանական ունակութիւններուն:
Տեմիրճեան աւելցուց, որ փոքրիկ արեգականներու միամեայ տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը կու գայ հաստատելու, թէ «Արեգ»ը իրողապէս թատերական դպրոցի կազմաւորման ուղին կը հետապնդէ: Ճամբայ մը, որ կը միտի պատրաստել բարձր գիտելիքներով ու վարժութիւններով օժտուած այն դերասանները, որոնք յառաջիկային իրենց ներդրումը պիտի ունենան՝ պահպանելու համար հայ արուեստի թատերական ճիւղը:
Իր խօսքի աւարտին Րաֆֆի Տեմիրճեան շեշտեց, թէ Համազգայինի 80-ամեակէն ետք միութեան երթը հաստատակամօրէն կը շարունակուի եւ այդ ծիրին մէջ «Արեգ»ը իրողապէս կը կատարէ իրեն վստահուած պարտականութիւնը:
Ապա բեմ բարձրացան դպրոցի աշակերտներ Արեւիկ Փափազեան, Տաթեւիկ Պերթիզեան, Ծովիկ Առնելեան, Գուրգէն Փափազեան եւ Փաթիլ Հատիտեան, որոնք սքեչներով եւ անեքթոտներով ներկայացուցին տարբեր նիւթերով կատարումներ, ինչպէս՝ «Ա°ս ալ արձանագրեցէք», «Չե՞ս վախնար», «Ձկնորսին արկածախնդրութիւնը», «Կօշիկ ներկողը» եւ այլն:
Աշակերտներու ներկայացումներուն մէջ բացայայտ էին բեմական կեցուածքն ու շարժումները, հնչիւններու ճիշդ արտայայտութիւնը, նիւթի տիրապետումն ու բնական ու զգացումով խօսելու վարպետութիւնը:
Յիշեցնենք, որ սքեչներուն հեղինակներն են նոյնինքն աշակերտները, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ զարգացնել աշակերտութեան ստեղծագործական միտքը:
Հանդիսութեան աւարտին «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու եւ բեմադրիչ Յասմիկ Թաշճեան-Պերթիզեան յայտնեց, որ «Արեգ»ի այս նոր նախաձեռնութիւնը իր իւրայատկութեամբ եւ կարեւորութեամբ կու գայ դպրոցին տալու կրթական ուղղութիւն ունեցող յստակ դիմագիծ եւ բնորոշ հեռանկար: