17 Յուլիս 2013-ին, Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Լեւոն Շանթ» թատրերգութեան մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներուն ամփոփումն ու մրցանակներու արժանացած թատերական ստեղծագործութիւններու հեղինակներու պարգեւատրման արարողութիւնը:
2013 տարեսկիզբին յայտարարուած «Լեւոն Շանթ» թատրերգութեան մրցանակաբաշխութիւնը ժամանակակից հայ թատրերգութիւնը խթանելու, ժանրին մէջ ստեղծագործող նոր անուններ, թատրերգութեան ժամանակակից ուղղութիւններ բացայայտելու, հայ թատերարուեստի լաւագոյն աւանդոյթները զարգացնելու նպատակն ունէր:
Մրցոյթին մասնակցած էին 51 հեղինակներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն:
Առաջին մրցանակին արժանացաւ` Գուրգէն Խանջեանի «Արտաւազդ-Շիդար» թատերական երկը:
Երկրորդ մրցանակին` Սամուէլ Խալաթեանի «Գնացքի երկու տոմս» թատերական երկը:
Երրորդ մրցանակին` Արմէն Ճգնաւորեանի «Այլաստուածային կատակ» թատերական երկը:
Խրախուսական մրցանակներ տրուեցան՝ Հրաչ Բեգլարեանի «Ես, Մանուէլը, համակարգիչը», ՅուշիկՂազարեանի ( Սիրիա ), «Վաճառականներ» թատերական երկերուն:
Մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած 12 լաւագոյն թատերական երկերը կը հրատարակուին առանձին ժողովածուով, իսկ առաջին մրցանակին արժանացած երկը կը բեմադրուի «Համազգային»ի աջակցութեամբ: