Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, Շաբաթ, 28 Յունիս 2008-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2007-2008 տարեշրջանի աշակերտական հաւաքական ցուցահանդէսը՝ ներկայութեամբ համազգայնականներու, ծնողներու եւ արուեստասէրներու:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Ժանեթ Եափուճեան, որ նշեց, թէ այս ցուցահանդէսը առիթ մըն է ամփոփումն ու հաշուետուութիւնը կատարելու դպրոցի միամեայ տարեշրջանին: Եափուճեան ըսաւ, թէ աշակերտութեան ստեղծագործութիւնները արդիւնք են հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքի, որուն իրագործման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած են դպրոցի ուսուցիչները:
Ապա խօսք առաւ հայրենի քանդակագործ Մկրտիչ Մազմանեան, որ բարձրօրէն գնահատեց դպրոցի գործունէութիւնը՝ նկատելով, որ կառոյցին մէջ տարուած աշխատանքը արժանի է քաջալերանքի: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային փոքրիկ արուեստագէտները շարունակելով իրենց գործունէութիւնը որոշակի ճիւղի մէջ կը մասնագիտանան եւ պատիւ կը բերեն միութեան ու հայութեան:
Օրուան հիւրին պատգամէն ետք վկայականներ յանձնուեցան Թենի Ուզունեանին եւ Հրանդ Ղազելեանին, որոնք յաջողութեամբ աւարտած էին կրթական տարեշրջանները:
Նշենք, որ Ուրբաթ, 27 Յունիսին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» կեդրոնին մէջ նոյնպէս ցուցադրուեցան կեդրոնի աշակերտութեան գծագրութիւնները: