Համազգայինի Թատերական Միաւորը քանի մը ամիս առաջ հայ աշակերտներու ներկայացուց «Ծաղկամանի Գաղտնիքը»՝ մանկապատանեկան թատերախաղը: Նշենք որ Միաւորի նպատակներէն է՝ թատերական արուեստը աշխուժացնել, եւ անոր ընդմէջէն հայկական մշակոյթն ու յատկապէս լեզուն տարածել երիտասարդներու եւ երեխաներու մօտ:
Ներկայացման առընթեր կազմակերպուեցաւ նաեւ Շարադրական Մրցում մը: Շարադրութեան նիւթը նշուած թատերախաղն էր: Մասնակցողները պէտք էր հետեւէին մասնաւոր պատրաստուած բացատրական հրահանգներուն:
Տասը դպրոցներու աշակերտներ ներկայ գտնուեցան ներկայացումներուն, որոնցմէ եօթը մասնակցեցան Շարադրութեան Մրցումին: Մասնակցող աշակերտներու թիւը մեծ էր, որոնցմէ 117 լաւագոյնները ղրկուած էին վարչութեան: Մրցանակակիրներու ընտրութիւնը դժուար եղաւ, որովհետեւ բազմաթիւ էին լաւ գրութիւնները: Հետեւաբար, անոնց կողքին կար նաեւ պատուոյ արժանի անուններու երկար ցանկ մը՝ 40 անուն :
Մրցանակաբաշխութիւնը կատարուեցաւ Կիրակի, Փետրուար 12-ին, Համազգայինի Կերդրոնէն ներս: Ներկայ էին բազմաթիւ աշակերտներ եւ ծնողներ: Թատերական Միաւորի անդամներ՝ Նարկիզ Թերզեան- Մրայեան, Շուշիկ Արսլանեան, Մանուկ Չուխաճեան, Սեդա Սիմոնեան, Նայիրի Մոմճեան, Սեդա Մարտիրոսեան, եւ Մակի Պապիկեան պատրաստեցին ու վարեցին սոյն ձեռնարկը:
Ստորեւ մրցանակակիրներու ցանկը -
3-րդ կարգ- ա. Հրանտ Աւետիսեան - Շամլեան բ. Լենա Բաղումեան - Շամլեան գ. Արեւ Աւետեան - Շամլեան
4-րդ կարգ- ա. Ադանա Դաւթեան - Մարի Գապայեան – Ֆերահեան բ. Լարա Չինար - Արի Կիրակոս Մինասեան գ. Սառա Սուլահեան - Շամլեան
5-րդ կարգ- ա. Ալին Խոճիքեան - Յովսէփեան բ. Միա Կարսիա - Մարի Գապայեան – Ֆերահեան գ. Դալար Քէշիշեան - Արի Կիրակոս Մինասեան
6-րդ կարգ- ա. Սէրա Քաֆարտեան – Ֆերահեան բ. Լուսի Կուլճեան - Արի Կիրակոս Մինասեան գ. Դիանա Նավասարդյան - Ալեք Փիլիպոս
7-րդ կարգ- ա. Ալէն Քարազեան - Հայ Քոյրերու Վարժարան բ. Մայքըլ Կիւրեղեան – Յովսէփեան գ. Խաչիկ Չուխաճեան - Ֆերահեան
8-րդ կարգ- ա. Թալին Քրիւմեան - Ֆերահեան բ. Ճիւլիըն Ճիհանեան – Յովսէփեան գ. Հակոբ Թումանյան - Ալեք Փիլիպոս
9-րդ կարգ- ա. Նանոր Սէրայտարեան – Ֆերահեան բ. Թաթիանա Փրուսալեան - Ալեք Փիլիպոս գ. Սօսէ Յովասափեան - Ալեք Փիլիպոս
Համազգայինի Թատերական Միաւորը մեծ գոհունակութիւն ստացաւ այս ծրագրէն՝ տեսնելով բազմաթիւ աշակերտներու աշխուժ մասնակցութիւնը, հետաքրքրութիւնը, հաճելի գրութիւնները, բարձրորակ լեզուն եւ բառամթերքը: Այս երեւոյթը յոյս կը ներշնչէ որ հայ լեզուն կ'ապրի եւ պիտի ապրի: Նաեւ, երեխաները լաւ հասկցած էին թատերախաղի գլխաւոր միտքը, որ գրութիւններու մէջ կ'երեւէր իրենց իսկ բառերով՝ «Այս պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ պարկեշտութիւնը, անկեղծութիւնը, ճշմարտախօսութիւնը, աշխատասիրութիւնը, ծառայասիրութիւնը, ամենակարեւոր յատկութիւններն են կեանքի մէջ յաջողելու եւ երջանիկ ըլլալու համար»:
Բոլոր մրցանակակիրները ստացան Համազգայինի հրատարակութեամբ գրքեր, նաեւ նիւթական նուէրներ, gift certificate-ներ Սարդարապատ գրախանութէն: Իսկ բոլոր մասնակցողները անխտիր ստացան օրինակ մը թատերախաղի տեսերիզէն:
Այս առիթով պէտք է շնորհաւորել բոլոր աշակերտները եւ դպրոցները, իրենց ուսուցիչներն ու տնօրէնութիւնը: Նաեւ մաղթել որ բոլորը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի անդամները, ունենան բաւարար ոյժ ու կորով շարունակելու նման օգտաշատ աշխատանքները: