Յունիս 3: Վայրը՝ Keush Ranch-ն էր այս անգամ: Յայտնագործում մը, որուն շնորհիւ երեկոյին յաջողութիւնը գրեթէ երաշխաւորուած էր: Թահանկայի լեռներու լանջին բազմած վայր մը, իր դաշտային տարածութեամբ եւ անտառային գեղեցկութեամբ, սեղան աթոռներու դրուածքով ու գինիի եւ այլազան ուտելիքներու հիւրասիրութեամբ հաճոյալի մթնոլորտ մըն էր:
Ահաւասիկ գեղեցիկ երեկոյ մը պատրաստուած էր ու կը մնար միայն, հեռու բոլոր ժխորներէն, այդ բնութեան մէջ ըմբոշխնել հրամցուելիք թատերական եւ երաժշտական կատարումները:
Պահը ունէր իր անմիջական թելադրականութիւնը:
Ուշագրաւ էր մանաւանդ մեծ թիւով պատանիներու եւ երիտասարդներու ներկայութիւնը: Համազգայինը գոհունակ էր անոնց ներկայութեամբ, որովհետեւ երիտասարդութիւնը հետաքրքրելու դժուարութիւն կայ ներկայիս: Անոնք հազուադէպօրէն կը մասնակցին մանաւանդ դասական ձեռնարկներուն, ինչպիսիք են դասախօսական բնոյթի ձեռնարկներն ու շնորհահանդէսները:
Բացումը կատարեց Թատերական Միաւորի վարչութեան ատենապետուհի՝ Նարկիզ Թերզեան-Մրայեան: Օրուան հանդիսավարն էր Նայիրի Հարպոյեան-Մոմճեան:
Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան թատերականի անդամ դերակատարներ, որոնք մասնակցած էին միաւորի կազմակերպած վարժանքներուն, ղեկավարութեամբ բեմադրիչ՝ Վանէ Ասատուրեանի: Անոնք վարժ հմտութեամբ կրցան ներկայացնել զաւեշտային տեսարաններ, բուռն գնահատանքի արժանանալով ներկաներուն կողմէ: