Կիրակի, 28 Փետրուար 2016-ին, Հալէպի « Գէորգ Եսայեան» սրահէն ներս տագնապահար հալէպահայութիւնը եզակի ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ ըմբոշխնելով Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի բարձրորակ համերգը, գեղարուետական ղեկավարութեամբ վաստակաւոր խմբավարուհի Գայեանէ Սիմոնեան- Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։
Համերգի բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով։ Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը։
Հայերէն բացման խօսքով Մարիա Պոշկեզենեան նշեց, որ Համազգայինը հաւատարիմ իր առաքելութեան տեւաբար կանգնեցաւ մեր ժողովուրդին կողքին, հայ մշակոյթով լիցքաւորելու անոր կեանքը։
Արաբերէն բացման խօսքով Ռաֆֆի Սիւլահեան ըսաւ, որ փորձեցին ու կը շարունակեն փորձել մահուան դատապարտել Հալէպն ու անոր բնակչութիւնը, բայց Հալէպը կանգուն է իր ամրոցին նման՝ վկայ «Զուարթնոց» երգչախումբի յաղթական այս ելոյթը։
Յայտագիրի առաջին բաժինով երգչախումբը ներկայացուց հետեւեալ երգերը. «Հայր մեր» Եկմալեան, «Ազատ Հայաստան» Ստեփան Լուսիկեան ( նուիրուած Հայաստանի վերանկախացման 20 ամեակին), հարսանեկան երգերու շարք Կոմիտաս, «Տուն իմ հայրենի» Ն. Իսպիրեան, հայրենասիրական երգերու շարք, մշակում՝ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, Անոյշ օփերայէն «Համբարձում յայլա», «Վուշ վուշ», « Ամպի տակից» Ալ. Սպենդիարեան, մշակում՝ Գայիանէ Սիմոնեան- Տէրեանի, « Էնզելի» Ալ. Սպենդիարեան, մշակում՝ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի(հնչիւնային այս երգին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբը), «Ըրթ սոնկ» Մ. Ճէքսըն, արաբերէն երգեր՝ «Ռէյէթէք պըլ աալի», «Ալ հաքքու սիլահի»։
Յայտագիրի երկրորդ բաժինի բոլոր երգերը մշակած էր խմբավարուհի Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանը։ Երգչախումբը այս բաժինով մեկնաբանեց հետեւեալ երգերը՝ « Է հէյ ոտքի» Յ. Պատալեան, «Երնէկ թէ այս նոր տարին» Ռ. Հախվերտեան, « Քաղաք իմ Հալէպ» խօսք՝ Մարգարիտ Շամիլեան-Մուրատեանի, երժշտ. Գայիանէ Սիմոնեանի, «Հիլուա իա պելետի» Տալիտա, «Ապարան» Ռ. Պետրոսեան, « Անցնում ես նազով» Ալ Աճեմեան, «Մոսկովեան գիշերներ» Ս. Սետոյի, « Կապոյտ մանուշակ» Մ. Մավիսաքալեան, « Արի եար ջան», «Հոյ նար» Թ. Ալթունեան, « Հայաստան» Ա. Այվազեան։ Երկրորդ բաժինի կարգ մը երգերուն երգչախումբին ընկերակցեցաւ սենեկային նուագախումբը՝ առաւել հմայիչ դարձնելով համերգը։
Համերգի կարգ մը երգերուն գործիքաւորումը կատարած էր տոքթ. Ռաֆֆի Ապէճեան։ Հանդիսավարուհի Մարիա Սարգիսեան մէջընդմէջ ներկայացուց երգերուն առնչուող մեկնաբանութիւններ։
Երգչախումբի 60 երգիչ երգչուհիները, խմբավարուհի Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի բծախնդիր եւ անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ հոգեզմայլ պահեր պարգեւեցին հանդիսատեսին, հմտօրէն կատարելով ամէնէն բարդ ստեղծագործութիւններն անգամ, վերստին շողացնելով «Զուարթնոց»ի ջերմացնող արեւը։ Համերգը ինքնին յաղթանակ մըն էր հալէպահայութեան համար, որ կ՚ապրի ու կը շնչէ հայ մշակոյթի կենարար ոգիով։