7 Հոկտեմբեր 2009-ին, Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ընկերակցութեամբ Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան այցելեցին Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի դեսպանատան հաւատարմատար Պրն. Արման Յակոբեանի հետ:
Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Վանուհի Իսաջանեան Պրն. Յակոբեանի յանձնեց բողոքագիր ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Պրն. Սերժ Սարգսեանին: Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին պատուիրակութիւնը հաւատարմատարին փոխանցեց Համազգայինի Գանատայի ընտանիքի եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի ընդվզումը Թուրքիա-հայաստան նախաստորագրուած արձանագրութիւններու վերաբերեալ:
Ստորեւ Նախագահին ուղղուած նամակի բովանդակութիւնը.-
Յ ՈՒ Շ Ա Գ Ի Ր
Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ
Տիար Սերժ Սարգսեանին
ի Երեւան
Պրն Նախագահ«
Աւելի քան ամիս մըն է« անցեալ օգոստոսի 31-էն իր վեր« մեր ուշադրութիւնները սեւեռած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ նախաստորագրուած այն փաստաթուղթին վրայ, որ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց եւ ներկայացուց որպէս Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման յաւակնող արձանագրութիւն:
Ինչ խօսք« որ ցնցող է արձանագրութեան բովանդակութիւնը: Որքան ալ ձեր արտաքին գործերու նախարարը հակառակը պնդէ« փաստաթուղթը չափազանց միակողմանի է եւ փաստօրէն Հայաստանի ամբողջ ապագան կը դնէ Թուրքիոյ քմահաճոյքի տրամադրութեան տակ:
Ինքզինք յարգող ամեն հայորդի անընդունելի պիտի գտնէ ցեղասպանութեան իրողութեան բանակցային կէտի վերածումը: Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հարցականի ենթակայ չի կրնար ըլլալ ոեւէ ատեն եւ ոեւէ տեղ: Այդ կէտը ոչ Ձեզի« ոչ ալ նոյնիսկ միայն հայութեան կը վերաբերի© համամարդկային սկզբունք է ցեղասպանութեան դատապարտումը: Անոր կրկնութիւնը կանխելու համար պարտադիր է յանցագործի պատիժը եւ տուժողի հատուցումը« իսկ Ձեր այս փաստաթուղթով Դուք հնարաւորութիւն կը ստեղծէք« որ յանցագործը խուսափի պատիժէն© նկատի ունեցէք« որ Ձեր այս քայլը կրնայ նոյնիսկ մեկնաբանուիլ որպէս մեղսակցութիւն:
Տասնամեակներ շարունակ ամէն ատեանէ հոլովելէ ետք ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի մասին« մանաւանդ Ձեր սրտին շատ մօտիկ Արցախի խնդրով« անընդունելի կը գտնենք նման արձանագրութեանց մէջ յիշել պետութիւններու տարածքային անձեռնմխելութեան սկզբունքը առանց դոյզն իսկ անդրադառնալու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին: Ինչպէ՞ս հասկնանք Ձեր կեցուածքը« ինչպէ՞ս կրնաք նման թուղթի տակ Ձեր ստորագրութիւնը դնել:
Նոյն այդ շեշտադրումով« Դուք փաստօրէն կը յայտարարէք« թէ բաւարարուած էք Հայաստանի ներկայ սահմաններով« ինչ որ համազօր է Հայաստանի ամենազօրեղ խաղաքարտէն ձեռք քաշելու:
Ինչ որ ամենաանընդունելին է« սակայն« մեր համազգային հիմնական խնդիրներու նկատմամբ այդ անփոյթ մօտեցումն է« որ կարմիր թելի նման կÿանցնի այսպէս կոչուած բանակցային ողջ գործընթացի երկայնքին: Կարելի չէ« որ նման հիմնական հարցերու շուրջ Հայաստանը պարտաւորութիւններու տակ մտնէ առանց այդ խնդիրներու լուրջ եւ եւ մանաւանդ հրապարակային քննարկման: Ի վերջոյ« հոն տեղ գտած են կէտեր« որոնք ունին համազգային նշանակութիւն եւ արտաքին գործոց նախարարն ու իր բանակցային խմբակը բարոյական ոչ մէկ իրաւասութիւն ունին այդ մասին անվերաքննելի թուղթեր ստորագրելու: Ծիծաղելի է վեց-շաբաթեայ ժամկէտ նշել անոնց քննարկման համար եւ միաժամանակ յայտարարել« որ ստորակէտ մը անգամ չենք կրնար փոխել: Իսկ նոյնիսկ փոփոխութեան հնարաւորութեան պարագային« տրուած ժամկէտը բաւարար չէ նոյնիսկ այդ քննարկումներուն նախաբանը ընելու:
Պրն Նախագահ«
Այդ փաստաթուղթերը պէտք չէ ստորագրուին: Եւ կը կարծենք« որ Թուրքիան իր զանազան պաշտօնատարներու յայտարարութիւններով բաւարար պատճառաբանութիւններ շնորհած է փաստաթուղթերը եւ այդ ամբողջ գործընթացը ընդհանրապէս չեղեալ համարելու: Երբեք ուշ չէ յետ դարձի համար: Վարդանանց հերոսամարտէն մի քանի օրեր առաջ Վարդան Մամիկոնեան խոր երկընտրանքներու առաջ էր: Պատմութեան դատաստանը բարացուցական է:
Խորին յարգանօք՝
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Մոնթրէալ« 5 Հոկտեմբեր 2009
Ի դիմաց՝
Վանուհի Իսաջանեան
Ատենապետ