Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը 70 տարիներ իր հանդիսատեսին ներկայացած է տարբեր թատերախաղերով, դերասաններով եւ բեմադրիչներով` միշտ ալ գոհ ձգելով իր հանդիսատեսը:
2012-ի Մայիս ամսուն անոնք բեմ բարձրացան լիբանանցի թատերագիր Իսամ Մահֆուզի «Զանզալախդ», ներկայացումով` բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի, որ նոր շուչով եւ արդիական ոճով, բեմայարդարումի իւրայատուկ ձեւով գրաւեց ուշադրութիւնը հանդիսատեսին։
Բեմին տարածքն ու լուսաւորումը դերասանին տուած էին ազատութիւն շարժելու, շնչելու եւ իր դերը լաւապէս կատարելու: Իսկ տարազները հարազատ պատկերներն էին իւրաքանչիւր դերասանի կերպարին: Անոնք լաւապէս ընտելացած էին նիւթին եւ խորքին:
Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ փաստեց, որ ինք կանգուն է եւ հաւատարիմ ժառանգորդը Ժորժ Սարգիսեանին, Գասպար Իփէկեաններու եւ այլ վաստակաշատ դերասաններու: Թատերախումբը նաեւ վկայեց, որ լիբանանահայ թատրոնը տակաւին շատ տալիք ունի, անիկա կենդանի է եւ գիտէ ներկայացնել արուեստի բարձրորակ ներկայացումներ:
Յատուկ կերպով պէտք է յիշել հինգ դերասաններու եւ նորերու միախառնումը, որ բեմին վրայ սերնդափոխութեան կենդանի եւ խոստմնալից պատկեր մը կը ներկայացնէ:
Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան այս թատերախաղով յաջողեցաւ հանդիսատեսին մօտ խնդուքի ճամբով այնպիսի ցաւցնող իրականութիւններ փոխանցել, որ այդ բոլորը ան պիտի զգայ միայն ներկայացման ատեն եւ սրահէն պիտի հեռանայ խառն զգացումներով ու մտածումներով:
Այս ներկայացումը լիբանանցի հանդիսատեսին համար եւս փաստ մըն է, որ լիբանանահայ թատրոնը կը շարունակէ մնալ իր բարձունքին վրայ: Յայտնենք, որ լիբանանցի արաբ հանդիսատեսին համար ներկայացումին արաբերէն բնագիրը կը ցուցադրուէր:
«Զանզալախդ» թատերախաղին մէջ դեր ստանձնած էին Զաւէն Պաաքլինի, Յակոբ Գալայճեան, Յովսէփ Գաբլանեան, Կարօ Գճըլեան, Ժանօ Պեքերեճեան, Հրակ Փափազեան, Հրակ Տեմիրճեան, Վարդան Ազնաւուրեան, Վազգէն Դարբինեան, Յակոբ Զատիրեան, Նժդեհ Մկրտիչեան: