Փետրուար 2012-էն մինչ օրս, Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի Գրասէրներու Խմբակի հաւաքները յաջողած են մեզ փոխադրել հայ գրականութեան հարուստ անդաստանները, առիթ ընծայելով, որ պահ մը մեր տաղտկալի առօրեայէն հեռանանք ու մտերմիկ պահեր ապրինք մեր գրողներուն հետ...։
Վերանանք Տէրեանի քնքոյշ տողերով, ընբոստանանք Սիամանթոյի հրահրող բանաստեղծութիւններով, սրտակից դառնանք Ահարոնեանի հերոսներուն, ջրդեղուինք ու վերազինուինք Ծառուկեանով, խնդանք, շա՜տ խնդանք մեր Պարոնեանով, վերադառնանք մեր ակունքները Սահեանով ու Դաւթեանով, Թումանեանի խորիմաստ խրատներով մենք մեզ պարուրենք ու վերընձիւղուինք այն բոլոր տաղանդաւոր գրողներով, որոնք ցարդ առանցքը կազմած այս հաւաքներուն։
Կիրակի, 25 Օգոստոս 2013, յետմիջօրէի ժամը 2:30-ն է։ Հակառակ Թորոնթոյի մէջ սովորութիւն դարձած խաչաձեւումներուն, գրասէրներու խումբ մը հաւաքուած է լսելու խոստմնալից Կիլտա Քէպապճեանը. Կիլտա իր նիւթը ընտրած է ման գալով իգական սեռի պատկանող գրողներուն պուրակին մէջ ու հոն, իր ուշադրութիւնը գրաւած է Սկիւտարի ծնունդ՝ Սիպիլը (Զապէլ Ասատուր, 1863-1934)։
Շատ չանցած, գրակալին ետին կ՚անցնի գրական յանձնախումբի եւ գրասէրներու խմբակի անդամ՝ Մեղեդի Մնացականեան, ներկայացնելու համար իր դասընկերուհին՝ Կիլտան։ Կիլտա Քէպապճեան ծնած է Պէյրութ. յաճախած է Ազգային Չաթալպաշեան Վարժարանի եւ Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Գոլէճի մանկապարտէզները, ապա իր հայեցի ուսումը շարունակած է Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանին մէջ։ Երկրորդական ուսումը ամբողջացուցած է Senator O’Connor College School-ի մէջ, որմէ ետք պատուոյ յիշատակութեամբ ամբողջացուցած է York համալսարանի վարչագիտութեան բաժինը, արժանանալով BBA կոչումին։ Ապա, Կիլտա կեդրոնացած է հաշուագիտութեան վրայ եւ արժանացած է CMA կոչումին. այժմ կը գործէ որպէս վկայեալ հաշուապահ։ Ան գործօն անդամ է Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող երիտասարդական միութիւններուն։
Կիլտայի ներկայացումը ծայր կ՚առնէ Զապէլ Ասատուրի գրականութեան մասին՝ Արշակ Չօպանեանի խօսքով.- «Հայերէն լեզուի ամենէն նրբենի ու ներդաշնակ բանաստեղծութիւնները գրեց. ժանեակի եւ շղարշի փափկութեամբ տողեր, որոնց հիւսքին մէջ կնոջ մատը կը զգացուի։»
Կիլտայի յստակ առոգանութիւնը արդէն գրաւած է բոլորս։ Ան կ՚անցնի Սիպիլի կենսագրական գիծերուն. Ծնեալ՝ Զապէլ Խանճեան, Սիպիլ «Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան» հիմնադիրներէն էր. ընկերութիւն մը՝ որուն նպատակը եղած է Պոլսոյ եւ գաւառներուն մէջ դպրոցներ բանալ աղջիկներու համար, սակայն Ջարդի ընթացքին, այս ընկերութիւնը նաեւ կազմակերպած է հայ մանուկներու խնամքը։ Հայերէնէն անդին, Սիպիլ տիրապետած է ֆրանսերէնի։ Իր առաջին ամուսնոյն՝ փաստաբան Կարապետ Տոնելեանի մահէն ետք, Սիպիլ կ՚ամուսնանայ գրագէտ՝ Հրանդ Ասատուրի հետ ու միասնաբար կը հրատարակեն «Թանգարան» դասագրքերու շարքը։ Սիպիլ սերունդներ դաստիարակած է որպէս հայ լեզուի արժէքաւոր ուսուցչուհի։ Գրել սկսած է կանուխ տարիքին. իր բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն լոյս տեսած է «Ցոլքեր» խորագրին տակ, հրատարակած է «Աղջկան մը սիրտը» վէպը եւ «Կնոջ հոգիներ» պատմուածքներու հատորը։ Սիպիլ նաեւ ունի թարգմանութիւններ եւ յօդուածներու շարք մը, նուիրուած՝ կնոջ յառաջդիմութեան դատին։ Իրապաշտ շրջանի գրողներէն կը նկատուի։ Գալով իր գրական ոճին, Կիլտա կ՚անդրադառնայ Գրիգոր Զօհրապի հետեւեալ բնորոշումին.- «Անոր վիպական գրուածքները բանաստեղծութիւններ են, իսկ բանաստեղծութիւնները՝ վէպեր։»
Սիպիլ ամենէն աւելի ճանչցուած է իբրեւ բանաստեղծ.- Կիլտա ապրումով կը ներկայացնէ Սիպիլի նրբահիւս ստեղծագործութիւններէն՝ «Ծովուն»ը, ուր երեւան կու գան բանաստեղծին գրական ոճի քնքշութիւնն ու անկեղծութիւնը։ Ապա, Կիլտա իր ներկայացումին մէջ կը ներմուծէ երկու հատուած՝ «Անցնելու մօտ» քերթուածէն հատուածներ, որոնց ընդմէջէն կը դրսեւորուին Սիպիլի նկարիչի յատկանիշներն ու բնութեան հետ ունեցած մտերմութիւնը։ Ապա Կիլտա կը փոխադրէ մեզ դէպի մեր դպրոցական տարիները «Հայ լեզուն» բանաստեղծութեամբ, ուր Սիպիլ կ՚ողջունէ, կը պաշտէ ու կ՚օրհնէ իր «մայրենի քաղցրիկ բարբառ»ը։
Սիպիլ կը նկատուի հայ կին գրողներու մեծագոյններէն։ Իր գրական, գեղարուեստական արժանիքներէն անդին, ան մեծ դեր կատարած է ազգային գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ որպէս դաստիարակ եւ որպէս հայ կնոջական շարժումի ռահվիրաներէն, շարունակելով ու զարգացնելով գրող, հրապարակախօս՝ Սրբուհի (Վահանեան) Տիւսաբի բացած ուղին։ Հաւաքի աւարտին, ներկաներուն կողմէ կ՚ըլլան կարգ մը ներդրումներ, ապա Մեղեդի շնորհակալութիւն կը յայտնէ Կիլտա Քէպապճեանին, իր բարձրորակ մատուցումին համար եւ գրական յանձնախումբին կողմէ յուշանուէր մը կը յանձնէ իրեն։
Կիլտա իր ուսումնասիրութեամբ, մաքուր լեզուով եւ դիւրահաղորդ ոճով յաջողած է ներկաներուն հետաքրքրութիւնը արթնցնել հայ կին գրողներու, յատկապէս՝ Սիպիլի հանդէպ։ Մեծ է հետաքրքրութիւնը ներկաներուն մօտ. Սիպիլի մասին շատ հարցումներ կան, որոնց պատասխանը անկասկած գիրքերուն խորքը թաղուած է, մեզ մղելով, որ կարդանք, պրպտենք ու առաւել եւս ճանչնանք դէմք մը, որ հրապարակախօս՝ Նազարէթ Պէրպէրեանի բառերով՝ «ոչ միայն ստեղծագործեց, այլեւ մտաւորական շարժում ու գրական հոսանք առաջնորդող ներկայութիւն դարձաւ պոլսահայ իրականութեան մէջ...։»
Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան