Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 21 Յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Երաժշտութեան միջազգային օրուան փառատօնի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` կատարողութեամբ «Գուսան» երգչախումբին, խմբավար` Գրիգոր Ալոզեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:
Յայտագիրը սկսաւ Է. Յովհաննէսեանի «Նանարի նա» երգով, մենակատար` Շողիկ Թորոսեան, որուն յաջորդեցին Մ. Եկմալեանի պատարագէն հատուածներ, կատարողութեամբ` Շողիկ Թորոսեանի եւ Յարութ Գալօղլեանի, որոնց կատարումը արժանացաւ հանդիսատեսներու ջերմ ծափողջոյններուն: