Նախագահութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, Ուրբաթ, 23 եւ Շաբաթ, 24 Յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ աւելի քան 1700 հանդիսատեսներու դիմաց «Սինտիպատի ճամբորդութիւնները» խորագիրով, ամիսներու վրայ երկարող տքնաջան աշխատանքէ ետք երկու ելոյթներով հանդէս եկաւ «Գայեանէ» պարի դպրոցը, որուն պարուսոյցներն են Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեանները:
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու առաքելութիւնը ներկայիս սփիւռքեան պայմաններուն մէջ դարձած է անհրաժեշտութիւն, եւ նկատի ունենալով, որ արուեստը իւրաքանչիւր աշակերտի կազմաւորման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի, հետեւաբար Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի առաքելութիւնն է մանուկներուն ջամբել պարային կշռոյթներն ու ձեւերը` միաժամանակ առաջնորդելով զանոնք դէպի հայկական մշակոյթը:
Երկու մասերէ բաղկացած յայտագիրին առաջին բաժինով ներկայացուեցան հայկական ազգագրական «Տօնական պար», «Շալախօ», «Սիրուս կը սպասեմ», «Վաղարշապատ», ինչպէս նաեւ օտար ազգագրական` յունական, հնդկական, վրացական, ֆրանսական, եւրոպական եւ այլ պարեր, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին պարի դպրոցի բոլոր խումբերը, այսինքն` շուրջ 300 մանուկներ, պատանիներ եւ պարմանուհիներ, որոնց բեմական գեղեցիկ կատարումները եւ պարային շարժումներու ներդաշնակութիւնը կ՛արտացոլային իւրաքանչիւր պարի մէջ: Դադարէն ետք ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի տհոլահարներու համոյթը, որ ներկայացուց երաժշտական կատարում մը: