Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ նախագահութեամբ Թալին Խաչատուրեանի, Շաբաթ, 6 Յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սէն Ժոզեֆ համալսարանի «Փիեռ Պու Խաթեր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի դասական երաժշտութեան երեկոյ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները որ անդրադարձաւ ձեռնարկի շարժառիթին ու յայտագիրի գլխաւոր մասերուն:
«Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը ունի աւելի քան 32 տարիներու կրթական ծառայութիւն, վկայ` իր հունձքերը», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Երբ հայ մշակոյթի կարեւորութեան մասին կը խօսինք, մեզի համար հասկնալի կը դառնայ, որ անոր պահապան հրեշտակը Համազգայինն է: Հետեւաբար, ձեզի կը վստահեցնենք, թէ այնքան ատեն որ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին սիրտը կը տրոփէ, այնքան ատեն սփիւռքի մէջ պիտի ապրի հայ ազգագոյն երաժշտութիւնը»: Ան իր եւ քոլեճի խնամակալութեան անունով գնահատական խօսքերով դրուատեց քոլեճի երաժշտական ղեկավար, մեծատաղանդ ու բազմավաստակ ծառայութեան տէր` Արմէն եւ Աշոտ Ճենտէրէճեանները: Նմանապէս ան գնահատական խօսք ուղղեց քոլեճի խմբավարներուն եւ ուսուցչական կազմին, «որոնք իրենց առաւելագոյնը կու տան մեր նոր սերունդին»: Ան երախտագիտական խօսք ուղղեց նաեւ օրուան նախագահ Թալին Խաչատուրեանին, որ սիրայօժար ստանձնած է սոյն ձեռնարկին նախագահութիւնը` միշտ ընդառաջելով Համազգայինի օժանդակութեան դիմումներուն: Ան նշեց, թէ Խաչատուրեան ընտանիքը Համազգայինի մնայուն բարերարներէն է: