Հինգշաբթի, 28 Յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 2011-2012 կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը` ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան, որ նշեց, թէ քոլեճը իր այս շրջանաւարտներով կը ներկայացնէ իր հունձքը, եւ ապագայ շրջանաւարտներուն մօտ առկայ են փայլքն ու որակը, ինչ որ յուսատու մթնոլորտ կը յառաջացնէ: Ճենտերեճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, որոնք նեցուկ կանգնած են քոլեճի գործունէութեան եւ աշխատանքներու ծաւալման:
Ապա շրջանաւարտ Բալիկ Լատոյեան (դաշնակ) նուագեց Կոմիտասի «Գարուն ա»-ն, որմէ ետք Մարինէ Հալլաճեան (ջութակ) եւ Սարգիս Հալլաճեան (դաշնակ) նուագեցին Վիենիաւսքիի «Փոլոնեզ»-ը: Նարէ Աղասարգիսեան դաշնակով նուագեց Շոփենի ստեղծագործութիւններէն հատուած մը, մինչ Բալիկ Լատոյեան եւ Հրակ Տեմիրճեան (ջութակ) միասնաբար նուագեցին Պաղտասարեանէն նուագ մը: Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինի աւարտին Մարինէ Հալլաճեան, Դալար Մանճեան, Նարէ Աշգարեան եւ Նարօտ Սուրճեան ջութակներով նուագեցին Վիվալտոյէն ստեղծագործութիւն մը. նուագողներուն դաշնակով կ՛ընկերակցէր Ռուպինա Զաքարեան:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ սենեկային նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Կարօ Աւեսեանի: Նուագախումբը նուագեց չորս ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ մէկն էր Կոմիտաս-Ասլամազեանի «Կաքաւի երգը»: Սենեկային նուագախումբի որակաւոր ելոյթը արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում: Եօթնամեայ երաժշտական ծրագիրը ամբողջացնող աշակերտները` Սելին Սաքր, Սթեֆանի Սաքր, Սինթիա Շամուն, Ռիթա Տիգրանեան, Սիրուն Արծրունի, Անի Գասպարեան եւ Աւետիս Տագէսեան ստացան իրենց հաստատագիրները, մինչ կրթական տասնամեայ ծրագիրը ամբողջացուցած շրջանաւարտ Բալիկ Լատոյեան ստացաւ իր վկայականը:
Այս առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հաստատեց, որ Համազգայինը իր հիմնադրութեան օրերէն ամբողջովին կը ծառայէ իր առաքելութեան: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ երաժշտական քոլեճը հայեցի կրթութիւն կը փոխանցէ աշակերտներուն` անոնց մէջ նուրբ եւ գեղեցիկ ճաշակ զարգացնելով, ինչ որ կը նպաստէ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացման: Գեղամ արք. Խաչերեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն եւ «Եռագոյն Ֆոնտ»-ին, որոնք բարոյական բարերարներու կողքին կանգնելով կանգուն կը պահեն միութեան գործունէութիւնը:
Ամավերջի հանդիսութեան պաշտօնական արարողութեան յաջորդեց կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն: