Հինգշաբթի, 20 փետրուար 2014-ին, Պիելոռուսիոյ Կրոնտօ քաղաքին մէջ, Սուրբերու տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ «Քոլոշսկի պլակովեսթ» 13-րդ միջազգային փառատօնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ «Հաւատամք» երգչախումբը` լիբանանահայ Րաֆֆի Միքայէլեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ:
«Հաւատամք» երգչախումբը արժանացաւ «Եկեղեցական երգչախումբեր» բաժինի առաջին մրցանակին, իսկ երգչախումբի ղեկավար Րաֆֆի Միքայէլեանը` «Լաւագոյն խմբավար» մրցանակին: