Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 2016-2017 կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 30 Յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի տնօրէն Շահէն Շահինեանի:
Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայկական արժէքներուն կառչելու հրամայականին` մեր հայեցի դիմագիծի պահպանման եւ գոյերթի շարունակութեան երաշխաւորման ի խնդիր: Ան շեշտեց, որ սփիւռքեան մեզի պարտադրուած իրականութեան մէջ մենք կրցանք մշակոյթի ճամբով հայ մնալ ու աւելի քան հարիւր տարի տոկալ իբրեւ ազգ, հակառակ անոր որ գաղութները միշտ ալ կը գտնուին ձուլումի սպառնալիքի տակ, մանաւանդ եթէ դադրին պայքարելէ եւ ինքնութեան անաղարտ պահպանման հինգ հիմնական տարրերուն` հայրենիքին, կրօնին, տնտեսութեան, բարքերուն եւ արուեստին կառչած մնալէ: «Իբրեւ ժառանգորդները հայ արուեստին, եթէ երբեք քաջածանօթ չըլլանք հայկականին, իսկականին, հարազատին, երբեմն անգիտակցաբար, երբեմն ալ պարտադրաբար պիտի աղաւաղենք հայկականը եւ զայն ներկայացնենք այլակերպուած կամ այլանդակուած ձեւով», դիտել տուաւ ան` աւելցնելով, որ օտար ափերուն բնական է, որ ազդուինք օտարէն, սակայն գիտակցաբար պէտք է պահել հայկականը եւ հայկականացնել մեր կեանքն ու առօրեան: