Համազգայինի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանային Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ բացուած է «Մինաս և Գոհար Թէօլէօլեան» ժամանակակից գրականութեան ամենամեայ չորրորդ մրցոյթը։ Նախորդ մրցոյթներուն նման, նախատեսուած են երկու մրցանակներ, մին հայերէնով եւ երկրորդը` անգլերէնով գրուած գործերու համար։
Այս մրցանակը կը կրէ հայ գրականութեան երախտաւոր, գրաքննադատ եւ «Հայրենիք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր Մինաս Թէօլէօլեանի ու իր կողակցին` հայոց լեզուի և գրականութեան ուսուցչուհի Գոհար Թէօլէօլեանի անունը:
Մրցանակը կը շնորհուի Հիւսիսային Ամերիկա բնակող շնորհալի հեղինակներու: Համազգայինի հիմնական նպատակն է այս մրցանակի միջոցով քաջալերել ու լայն հանրութեան հասցնել հայկական նիւթերու մասին գրող հեղինակներ: Գրութիւնները կրնան ներկայացուիլ գրական որեւէ ձեւով՝ բանաստեղծութիւն, պատմուածք, վէպ, նորավէպ, թատրերգութիւն, ինչպէս նաեւ յուշագրութիւն, մտորումներ և գրական վերլուծութիւններ: նիւթերը կրնան ըլլալ ցարդ անտիպ, կամ տպագրուած 2016-2017 տարիներուն: Մրցոյթը շահող երկու դիմորդներէն իւրաքանչիւրը կը պարգեւուի $1.500 տոլար։
Դատական կազմի հինգ անդամներն են. Դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնթրէալ), Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), Պրն. Գուրգէն Արզումանեան (Գալիֆորնիա), Պրն. Երուանդ Քոչունեան (Գալիֆորնիա) եւ Անուշ Ակներեան (Մոնթրէալ): Մրցանակաբաշխումը տեղի պիտի ունենայ 2018 թ. Հոկտեմբերին:
Դիմորդներու (PDF) ստեղծագործութիւնները պէտք է մեզի հասած ըլլան մինչեւ Ապրիլ 30 2018, հետեւեալ հասցէին. tololyan_award@hamazkayin-usa.org
Դիմորդները պարտին ամբողջացնել մրցոյթի դիմումնագիրը, որուն հայերէն եւ անգլերէն տարբերակները, ինչպէս նաեւ մրցանակաբաշխութեան կանոնները զետեղուած են համացանցի հետեւեալ էջին վրայ. http://bit.ly/167vSsM
Այս մրցանակի նիւթական յատկացումը կ՚իրագործուի Սան Ֆրանսիսքոյաբնակ Տէր եւ Տիկին Եդուարդ եւ Վերժին Մսըրլեաններու առատաձեռնութեան շնորհիւ:
Համազգայինի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանային Վարչութիւն