Հայ մշակոյթը ապագայ սերունդներուն փոխանցելու անհրաժեշտ, ազգանուէր պարտականութիւնը մեր բոլորին ճիտին պարտքն է։ Մշակոյթ ըսելով անշուշտ չբաւարարուինք հայ երգ ու պարով, տոհմիկ ճաշերով, տօնական օրերու աւանդութիւններով։ Մեր մշակոյթի գոյատեւումը ապահովելու համար, հարկ է պահել ու փոխանցել հայ լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը։ Հայ բանաստեղծի խօսքին լեզու տուող արուեստը՝ ասմունքը, հին ժամանակներէն ի վեր հայ մշակոյթի անբաժան մէկ մասը եղած է։
Ներշնչուած՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 2013-ը «Հայ մօր տարի» հռչակող Հայրապետական Գիրէն, կը կազմակերպուի Համազգայինի Արտասանական Ցերեկոյթը՝ նուիրուած հայ մայրերուն։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէ գրող ու ասմունքող՝ Տիկ. Ազնիւ Թորոսեան, որ գաղութս ժամանած է Լիբանանէն։
Շաբաթ, 30 Նոյեմբեր 2013-ի յետմիջօրէի ժամը 3-ին, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահ հաւաքուած են փոքրիկներ ու պատանիներ, ծնողներ, այնքան հպարտ՝ մեծ մայրեր ու մեծ հայրեր ու վերջապէս՝ խումբ մը հաւատաւոր գրասէրներ։ Բեմին ձախ կողմը, եռոտանիի մը վրայ զետեղուած է Բիւզանդ Կոճամանեանի մայր ու զաւակ խորհրդանշող արուեստի գործը. կողքին՝ կլոր սեղանի մը վրայ փունջ մը կարմրաւուն ծաղիկներ ու երկու բարձրախօս՝ բեմի կեդրոնը։ Հանդիսավարներն են Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի գրական յանձնախումբէն՝ Մեղեդի Մնացականեանն ու Վարագ Պապեանը։ Յովհաննէս Շիրազի «Մայրս» բանաստեղծութիւնը փոխադարձաբար ասմունքելով, Մեղեդի ու Վարագ կը յառաջանան բեմի կեդրոնը բարի գալուստ մաղթելու ներկաներուն։ Մեղեդի իր խօսքին մէջ կ՚ըսէ.- Մեր բանաստեղծներուն գրած անթիւ տողերէն պարզ է որ մեր ողջ պատմութեան սկիզբէն եւ բնազդաբար, հայ մայրը հայ ժողովուրդին համար ո՛չ միայն դարձած է տիպար մայր` իր կեանքին մէջ ցոլացնելով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքները, ո՛չ միայն եղած է ընտանիքին ամրակուռ սիւնն ու իր զաւակներուն նուիրեալ դաստիարակը, այլ՝ մեր պատմութեան ամենէն ճակատագրական պահերուն, իր օրինակելի կեցուածքով, անհուն զոհողութեամբ, ինչպէս նաեւ մեր պատմութեան մութ ժամանակներուն բերած իր մասնակցութեամբ, եղած է բարձրագոյն աստիճանի յարգանքի արժանի անձ մը։ Վարագ կը յիշեցնէ.- այսօրուան ներկայացումը մրցոյթ չէ, այլ՝ բանաստեղծութիւնն ու ասմունքը սիրողներ, շնորհալիներ, մէկտեղուելով նոյն յարկին տակ՝ պիտի ներկայացնեն փունջ մը քերթուածներ։ Կ՚աւելցնէ.- Մեր մաղթանքը պիտի ըլլայ որ այս պատանիները շարունակեն սիրել մայրենի լեզուն եւ բանաստեղծութիւնը, ապագային դառնալով տաղանդաւոր ասմունքողներ։
Թիւով երեսունէ աւելի մասնակցողները, նախակրթարանի 2-րդ դասարանէն մինչեւ երկրորդական բաժնի աւարտական կարգի աշակերտներ են։ Ներկայացումները ծայր կ՚առնեն Ազնիւ Թորոսեանի «Մօրս յիշատակին» բանաստեղծութեամբ, զոր կ՚արտասանէ Սասուն Մարկարոսեան. կը յաջորդէ բոլորիս ծանօթ ու սիրելի՝ Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը» զոր կ՚արտասանէ Իզապէլ Ակոբ. Սիլվա Կապուտիկեանի «Մայրիկիս»ը, մեկնաբանութեամբ՝ Սառա Պայրագտարեանի, նաեւ՝ Հայկ Մարտոյեանի. Աւետիք Իսահակեանի «Մայրիկիս» բանաստեղծութիւնը՝ Անահիտ Յակոբեանի շուրթերէն. Ժագ Յակոբեանի «Ծաղկեփունջ»ը՝ Դանիէլ Չէրքէզեանի մեկնաբանութեամբ. դպրոցական օրերէն մեզ յուզած՝ Յովհաննէս Շիրազի «Կշեռք»ը՝ Դաւիթ Բարսամեանի, Նանար Չիլինկիրեանի, Թերեզա Մարտիրոսեանի, Տեսիլ Սաղտըճեանի, Գարոլին Շահվերտեանի, Զարեհ Մարգարեանի, Միքայէլ Պօղոսեանի նաեւ Վազգէն Այվազեանի արտասանութեամբ. դարձեալ Շիրազէն՝ «Գտայ» սրտառուչ բանաստեղծութիւնը՝ Անի Խաչատրեանի մեկնաբանութեամբ. Եղիշէ Չարենցի «Մօրս համար գազէլ» բանաստեղծութիւնը՝ Էրիք Պետրոսեանի ու Կապրիէլա Պաթիկեանի կողմէ մատուցուած. Համաստեղի «Մայր իմ անոյշ»ը՝ Մելինա Գալթակեանի, Մարիա Բարսամեանի, նաեւ՝ Շահան Թերզեանի շուրթերէն. դարձեալ Սիլվա Կապուտիկեանէն՝ «Մայրս» բանաստեղծութիւնը Թիթեռ Քարկոցեանի կողմէ մատուցուած. Մուշեղ Իշխանի այնքան հարազատ՝ «Հայ մամիկին աղօթքը»՝ Դանիէլ Մովսէսեանի, Լարա Յովակիմեանի, Նազելի Հախվերտեանի, Մարալ Տէր Օհանի, նաեւ՝ Վանի Եագուպեանի մեկնաբանութեամբ. Սմբատ Շահազիզէն՝ «Երազ»ը, Րաֆֆի Գըլըպոզեանի մեկնաբանութեամբ. Գեղամ Սարեանի «Մայրիկիս»ը Լարա Տէմիրճեանի եւ Նանսի Սապունճեանի կողմէ ու դարձեալ Յովհաննէս Շիրազի «Մայրս», Մուշեղ Իշխանի «Հայ մամիկին աղօթքը» եւ Վահագն Դաւթեանի «Մայր իմ մայր»ը կ՚արտասանեն Մայքլ Պոյաճեան, Գրիգոր Այնթապլեան, Ալէն Չիլինկիրեան, Լենա Տարագճեան, Նիկոլ Եագուպեան։ Ապա Մեղեդի Մնացականեան բեմ կը հրաւիրէ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Գրական Մրցոյթի պատանիներու բաժնի Ա. մրցանակակիր՝ Արեն Մնացականեան, որ արտասանէ իր գրած բանաստեղծութիւնը՝ «Մայր»։
Գնահատելի է բոլորին մասնակցութիւնը. գնահատելի է մանաւանդ՝ այն ուսուցիչներուն անձնուէր աշխատանքը, որոնց շնորհիւ վերոյիշեալ պատանիները իրենց մասնակցութիւնը բերին այս Ցերեկոյթին։ Մեղեդի Մնացականեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր մասնակցողներուն ու իրենց ուսուցիչներուն. կը յայտարարէ որ գրական յանձնախումբի ապագայ ծրագիրներուն մաս պիտի կազմէ ասմունքի աշխատանոցի մը հիմնադրութիւնը, որ անկասկած պիտի սատարէ ապագային որակաւոր ասմունքներով մեր բեմերը զարդարելու նպատակին։ Մինչ Մեղեդի բեմ կը հրաւիրէ մասնակցողները, Վարագ արծաթագոյն ու կապոյտ պսպղուն ժապաւէններով հաւաքուած գիրքերով բեռնաւոր՝ բեմ կու գայ, ու այսպէս, հայերէն գիրքերով կը գնահատուին բոլոր աշակերտները։
Գրական յանձնախումբի վարչական ներկայացուցիչ՝ Էօժենի Բարսեղեան շնորհակալութեան խօսք կ՚ուղղէ կազմակերպիչ յանձնախումբին ու կը ներկայացնէ օրուան հովանաւորը։ Ազնիւ Թորոսեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ՀԲԸՄ-ի Երուանդ Տէմիրճեան վարժարանէն ներս, որմէ ետք յաճախած է Դարուհի Յակոբեան աղջկանց երկրորդական վարժարանը։ Գրել սկսած է նախակրթարանի գրասեղաններու ետին: Փոքր տարիքէն սիրած է բեմը, ասմունքած է բանաստեղծական ընտիր քերթուածներ եւ արժանացած պատուոյ առաջին մրցանակներու: Ամուսնացած է Մելքոն Թորոսեանի հետ. ունեցած են չորս զաւակներ ու ապագային՝ եօթ թոռներ։ Իր բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքը հրատարակուած է 2008-ին «Նուռեր» խորագրով: Իր բանաստեղծութիւնները նաեւ լոյս տեսած են Ազդակ օրաթերթին մէջ։
Էօժենի բեմ կը հրաւիրէ Տիկ. Թորոսեանը շնորհակալութիւն յայտնելու իրեն, իր ազնիւ ժեստին համար. ան նաեւ կը հրաւիրէ Գլաձոր մասնաճիւղի ատենապետ՝ Լորիկ Գաթրճեանը, որպէսզի իբր յուշանուէր՝ գեղանկարչութիւն մը յանձնէ հովանաւորին։ Ապա, Տիկ. Թորոսեան իր սրտաբուխ ասմունքով կը հրապուրէ ներկաները։ Հայր Մեղրիկ Ծայրագոյն Վարդապետ Բարիքեան, Պահպանիչով կը փակէ Ցերեկոյթը։
Մօր մասին գրուած բանաստեղծութիւններու աշխարհը հարուստ է բազմահամար սրտագին քերթուածներով, թէ մեր դասական բանաստեղծներու, թէ ժամանակամերձ գրողներու կողմէ ստեղծագործուած. Համազգայինի Արտասանական Ցերեկոյթի ընդմէջէն, այդ բանաստեղծութիւններէն փոքրիկ ծաղկեփունջով մը կը ջերմացնենք մեր ներսիդին ու կը հաւատանք, որ այս քայլը իր բարենպաստ հետեւանքը պիտի ունենայ հայ լեզուին ու ասմունքի հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը ամրապնդելու մեր ապագայ սերունդին մօտ։
Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան