Սան Ֆերնանտօ Հովիտի հիւսիսային շրջանի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղը այդ ընտանիքին ամէնէն երիտասարդ անդամն է: Անիկա շուրջ տարի մը առաջ ծնունդ առած է եւ շնորհիւ իր վարչութեան անդամուհիներուն անսակարկ ճիգերուն ու մանաւանդ հրապարակային զանազան ձեռնարկներուն՝ արդէն իսկ դարձած է աչքառու եւ քաջածանօթ, ամբողջ շրջանէն ներս:
Այսպէս, մշակութային ծրագիրներու գործադրութեան եւ այլ աշխատանքներու կողքին, վարչութիւնը նաեւ յղացած էր գեղեցիկ գաղափարը կեանքի կոչելու փոքրիկներու պարախումբ մը եւ զայն վստահելու ծանօթ արուեստագիտուհի Շուշան Աւագեանին:
Միւս կողմէ, սակայն, իր շուրջ համախմբելով տաղանդաւոր փոքրիկ երաժիշտներ (ջութակահարներ-դաշնակահարներ եւ այլն), մասնաճիւղը մօտէն զբաղած է անոնցմով՝ գնահատելով ու քաջալերելով անոնց տաղանդն ու աշխատանքը: Այսպիսով, մասնաճիւղը դարձած է «փնտռուած անուն» ոչ միայն իր շրջանի, այլեւ Համազգայինի մեծ ընտանիքէն ներս:
Նորակազմ փոքրերու պարախումբին անդրանիկ ելոյթին հրաւիրուելով՝ ներկայ գտնուեցանք Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի «Արեւ» պարախումբի ձեռնարկին, Շաբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, շրջանի «Արշաւիր Շիրակեան» կեդրոնի «Թիթիզեան» սրահին մէջ: Մեծ եղաւ մեր զարմանքն ու հիացումը՝ ի տես հրամցուած կոկիկ յայտագիրին եւ «Արեւ» պարախումբի անդամներուն, մանաւանդ՝ կազմակերպիչ յանձնախումբին պատասխանատու նախաձեռնութեան: