Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Երեքշաբթի, 20 Յունուար 2015-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեգ» թատերախումբի նոր ներկայացման առաջին փորձը:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Կարօտ» թատերախաղին հեղինակը, բեմադրիչն ու գեղարուեստական ղեկավարը Ռոպերթ Առաքելեանն է:
Թատերախաղի շուրջ երեսուն գրական կերպարները` գտնելով իրենց հարազատ դերակատարները, կը սկսին շունչ ու ոգի ստանալ, գրական արժէքէն վերածուելով տեսանելի արժէքներու: