Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2015-ին, Տիթրոյթի Պիրմինկհամ շրջանի «Սի Հօլմ» պետական եկրորդական վարժարանի սրահին մէջ, անգամ մը եւս ելոյթ ունենալով, շրջանի «Արաքս» պարախումբը ոգեւորեց ներկայ հանդիսատեսները: Պարուսոյց Նայիրի Կարապետեանի ղեկավարութեամբ, եւ իր երկու օգնականներ՝ Նայիրի Գայսէրեանի եւ Տիգրան Քալընի մասնակցութեամբ պարախումբը, շուրջ 9 ամիսներէ ի վեր տենդագին աշխատանք կատարելով, պատրաստուեցաւ 11րդ տարեկան ելոյթին.- «Կը Յիշենք Եւ Կը Պահանջենք» խորագրով:
Ելոյթը կը հովանաւորէին՝ Տէր եւ Տիկ. Յակոբ եւ Այտա Տաքէսեանները: Ներկայ էին գաղութի երեք յարանուանութեանց հոգեւոր, եւ պատուակալ հայրերը, եւ շուրջ հինգ հարիւր մշակութասէր հասարակութիւն մը: Օրուան հանդիսավարն էր «Համազգային»ի երկարամեայ ատենապետուհի Հերմինէ Մանուկեան: Ան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք ըսաւ. «Երբ աշունը բնութային զանազան գոյներով, երբ ծառերն ու տերեւները իրենց գերազանցելի գեղեցկութեամբ հրաժեշտի կը պատրաստուին, նոյն ժամանակ ալ «Համազգային»ի «Արաքս» պարախումբը, իր տոհմիկ եւ ժողովրդային պարերով կը պատրաստուի այսօրուան: Պիտի տեսնէ՛ք թէ աշնանային գեղեցկութեան ու հայկական տոհմիկ տարազներու գոյներու եւ պճնանքի ինչ համընկնութիւն կայ, միակ տարբերութեամբ՝ որ տերեւները կը բաժնուին իրենց արմատներէն ու կը դառնան փոշի, իսկ «Յոյսի, Հրաշքի եւ Արաքս»ի անդամները աւելի զօրացած ու կառչած իրենց ճիւղերուն, արմատներուն, անցեալին, տարուէ տարի աւելի լիցքաւորուած կը շարունակեն իրենց պարարուեստի երթը: