Շաբաթ 4 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մոնթրէալի College Brébeuf թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆոլքլոր Գանատայի կազմակերպած՝ "Spectacle Montreal Internationale 2017" պարային ելոյթը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ՝ Նաթալիա Շաթիլովայի։ Վեց տարբեր մշակոյթներու կողքին՝ յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Անի» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Եւա Հայրապետեանի։ Մասնակցող խումբերն էին՝ Ensemble Balgari, Les Charmaniers de Saint-Hyacinthe, Esencia del Peru, Ensemble folklorique Les Bons Diables, Ensemble de folklore Hongrois Bakréta եւ Ensemble de danse Ani:
Անի պարախումբը մասնակցեցաւ չորս պարով՝ Քոչարի, Վարդագոյն աղջիկներու պարը, Արտաշատ եւ փակումին՝ Սուրերու պարով աւարտեց յայտագիրը։
Ներկաները հիացմունքով եւ բուռն ծափողջոյններով դիմաւորեցին «Անի» պարախումբը, բարձր գնահատելով իրենց ստեղծած խանդավառութիւնն ու արհեստավարժ կատարողութիւնը։ Պէտք է ըսել թէ կատարումները իւրայատուկ էին, ըլլա՛յ երաժշտութեամբ, ըլլա՛յ տարազներով եւ հարուստ պարադրութեամբ։
Աւարտին, բեմավարը՝ Mme Monique Vincent, բեմ հրաւիրեց «Անի» պարախումբի անդամներն ու ղեկավարը, ինչպէս նաեւ Սանահին մասնաճիւղի ատենապետուհի Թամար Շահինեանը. Ֆոլքլոր Գանատայի նախագահ՝ Jean Claude Menard եւ ընդհանուր տնօրէն՝ Guy Landry, միասնաբար յատուկ յուշանուէրով մը պատուեցին Համազգայինի «Անի» պարախումբը, իր հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով, առաւել եւս ամրապնդելով երկար տարիներու հաւատարիմ բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը Համազգայինի եւ Ֆոլքլոր Գանատայի միջեւ։
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն