«Ամանորի զնգուն զանգեր»ը կրկին հնչեցին 14 Յունուար 2017-ին, երբ Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Աւետիս Ահարոնեան սրահի յարկին տակ, մօտ 250 Համազգայնականներ եւ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի սատար կանգնող ազգայիններ տօնեցին Ամանորը, համախմբուած միասին, ընկերային ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ։
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի ատենապետուհի Թամար Շահինեան վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն: Ան իր անուշ ժպիտով, սեղան առ սեղան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց անցնող տարեշրջանի ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերած Համազգայինի բարեկամներուն, պաշտօնեաներուն, գաղութիս Շրջանային Վարչութեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վիգէն Թիւֆէնքճեանին ու բոլոր անդամներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են ու կը շարունակեն բերել «Սանահին» մասնաճիւղի գեղարուեստական զանազան մարզերուն՝ պարով, երգով, թատրոնով, կերպարուեստով, գրական ձեռնարկներով, գրադարանին թէ գրատարածին մէջ, «Փոքրերու Պատմութեան ժամ»երը ճոխացնելով, ինչպէս նաեւ «Թէյ, սուրճ եւ Կարծիքներ» եւ Ֆիլմի ակումբները վարելով: Ուրախալի էր ճեմարանականներու վարչութեան ներկայութիւնը եւ մեծապէս ողջունելի էր Պոլսահայ Միութեան վարչութեան ներկայութիւնը, որ ընդառաջելով վարչութեանս հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ սոյն տօնակատարութեան առաւել եւս ամրապնդելով սերտ համագործակցութիւնն ու բարի փոխ-յարաբերութիւնը Պոլսահայ եւ Համազգային միութիւններու միջեւ:
Քաջ գիտնալով թէ երգչախումբի մը դերը անհրաժեշտ է հայ երգն ու մշակոյթը պահպանելու համար գաղութի մը մէջ, ընկերուհին բեմ հրաւիրեց մասնաճիւղիս նորակազմ մանկապատանեկան «ՆԱՆՈՐ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Լուսին Ժամկոչեանի: Մանուկները յաջորդաբար ուրախ-զուարթ երգեցին «Զանգակներ», «Ամանորի զնգուն զանգեր», «Լուռ գիշեր», «Les anges», «Oggi nato Salvatore», եւ «The first Noel» երգերը:
Երեկոն շարունակուեցաւ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ, երբ հանդիսվարը բեմ հրաւիրեց Պոլսահայ միութեան անդամներէն Ճիմին, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ oldies երգերով: Իրեն յաջորդեց «Քնար» երգչախումբի անդամներէն՝ Լաուրա Պէրպէրեան, որ իր հմայիչ ձայնով մեկնաբանեց Գալանտէրեանի «Իմ Հասակն է» երգը։
Նոր Տարի է. քէֆ է ու պար. հայկական տոհմիկ երգերով սրահը կը թնդար: Բարձր գնահատելի էր երիտասարդներու ներկայութիւնը, որոնք շուրջպարերով կ'արտայայտէին իրենց սէրը հայ մշակոյթի եւ հայրենի հողին նկատմամբ: DJ Կարոյի ճոխ ընտրացանկը հրահրեց տարեցներն անգամ միանալու երիտասարդներու խումբին:
Թէ աշխարհում փակ դռներն կան
Թող որ բացուեն այս գիշեր
Ու Նոր Տարին, նոր խնդութեամբ
Թող ներս մտնի այս գիշեր:
Մետաքսէի այս խօսքերով հանդէս եկաւ մեր գաղութի հանրածանօթ ասմունքողներէն Անահիտ Պալեան: Անոր յաջորդեց իր մայրը՝ Ազնիւ Թորոսեան, որ իր թովիչ ձայնով ու ապրումով ասմունքեց Համօ Սահեանի «Եղեւնին»:
Երեկոն շարունակուեցաւ Ատոմ Մալխասեանի խաղերով՝ որոշ խանդավառութիւն ու հաճելի մթնոլորտ ստեղծելով ներկաներուն մօտ, որոնք մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը, պարեցին երգեցին ու զուարճացան:
Ահա այսպէս, Նոր Տարին սկիզբ առաւ Համազգայնական նո՛ր եռանդով, նո՛ր ոգիով:
Համազգային «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն