Եւրոպա
Շրջանային Վարչութիւններ
Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Ալեքսանտրուպոլսոյ «Արամ Խաչատուրեան» մասնաճիւղը, յունահայ գաղութին մէջ առաջին անգամ ըլլալով, նոր էջ մը կը բանայ հրատարակչական մարզէն ներս, մասնաճիւղի 4էջեայ շաբաթաթերթ-պարբերաթերթը հրատարակելով։
Այս աշխատանքին նախաձեռնութիւնը կը պատկանի նորակազմ վարչութեան, որ կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն՝ Մարիամ Փեթեւոսեան, Հրայր Տաղլեան, Գայեանէ Դաւիթեան, Սոֆիա Ամիրխանեան, Մարտուն Մամաճանեան։ Խմբագրական գլխաւոր պարտաւորութեամբ լիազօրուած է վարչութեան քարտուղար Լիբանանէն վերջերս Յունաստան հաստատուած Հրայր Տաղլեան, որ գրական ճաշակով, հետախուզող մտքով ու հետաքրքրութեամբ ձեռնարկած է այս գործին։
Կը մաղթենք, որ Ալեքսանտրուպոլսոյ համայնքը՝ «Փարոս»ը ապրեցնէ իր միութենական, գաղութային կեանքին մէջ։