Եւրոպա
Շրջանային Վարչութիւններ
«Ազատ Օր» օրաթերթ.- Համազգայինի Ալեքսանդրուպոլսոյ «Արամ Խաչատուրեան» մասնաճիւղը անցեալ Մարտի 7-ին ունեցաւ իր ծանր կորուստը։ Անողոք եւ դաժան հիւանդութեան պատճառով մեզմէ հեռացաւ մասնաճիւղի ատենապետ, Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններու սարկաւագ, բոլորիս լաւ ընկեր եւ պարզապէս արժանի հայորդի Արա Վարդանեան:
Այնուամենայնիւ, Համազգայինի անդամները եւ բոլոր ընկերները, իրենց մէջ կրելով կորուստի ցաւը, կը շարունակեն հայապահպան աշխատանքը՝ հաւատացած ըլլալով, որ ընկեր Արայիկ անպայման ուրախ պիտի ըլլայ տեսնելով բոլորիս համախմբուածութիւնը: