Երեւանի Օփերայի եւ պալեթի Ազգային Ակադեմական Թատրոնը 20 Մայիս 2008ին ստացած էր արտասովոր հնչեղութիւն: Հայաստան - Սփիւռք մշակութային կապը եւ գործակցութիւնը ակներեւ էր նոյնինքն ներկաներու ընդմէջէն:
Յոբելենական հանդիսութեան ներկայ էին ՀՀ մշակոյթի նախարար Յ. Պօղոսեան, եւ այլ նախարարներ, Ազգային ժողովի խորհրդարանի պատգամաւորներ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր ժողովի համար սփիւռքէն ժամանած պատգամաւորներ եւ հոծ բազմութեան:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեան (խօսքը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ սոյն թղթակցութեան աւարտին) :
ՀՀ Կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Սարգսեան ընթերցեց վարչապետ Տ. Սարգսեանի ուղերձը, ուր նշեց թէ « Սփիւռքեան հնագոյն կառոյցներէն մէկուն՝ Համազգայինի անցած ութ տասնամեակները եղած են ազգային մշակոյթին եւ ինքնութեան անմնացորդ նուիրումի արգասաբեր տարիներ: Շնորհաւորելով միութեան անդամներուն, նուիրեալներուն, կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն՝ 80 ամեակի առիթով՝ կը մաղթեմ մշտանորոգ նուիրում եւ խիզախութիւն ի բարօրութիւն մեր ժողովուրդի, հայոց պետականութեան հետագայ զարգացման»,- ըսած է վարչապետը:
Ապա իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ՀՀ Մշակոյթի նախարար Յ. Պօղոսեան եւ յայտնեց. «Ըստ էութեան Համազգայինի պատմութիւնը հայկական սփիւռքի ընկերային կեանքի վերջին 80 տարիներու հարազատ տարեգրութիւնն է, որովհետեւ մեր գաղթօճախներու մէջ իրականացուած կրթական եւ մշակութային ազգօգուտ նախաձեռնութիւններու մեծագոյն մասը ուղղակիօրէն կ°առնչուին այս միութեան հետ»:
Մշակոյթի նախարարը պարգեւատրեց Համազգայինը, մշակոյթի նախարարութեան բարձրագոյն ոսկէ մետալով, 80 տարիներու իր անխոնջ ծառայութեան եւ հայ մշակոյթի պահպանման ջահը ի սփիւռս աշխարհի վառ պահած ըլլալու համար:
«Համազգային»ի յոբելեանի առիթով շնորհաւորական ուղերձներ առաքած են նաեւ Երեւանի Պետական Համալսարանի ռեկտոր Արամ Սիմոնեան, Հայաստանի րողներու Միութեան Նախագահ՝ Լեւոն Անանեան, Հայաստանի երգչախումբային ընկերութեան նախագահ Դաւիթ Ղազարեան, «Մէկ Ազգ, մէկ մշակոյթ» հիմնադրամի տնօրէն՝ Թամար Պօղոսեան:
Հանդիսութեան ընթացքին ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ ոսկէ մետալով պարգեւատրուեցան հայրենի արուեստագէտներ՝ Երեւանի կամերային երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յարութիւն Թօփիկեան եւ դաշնակահար Արմէն Բաբախանեան, Համազգայինի ճամբով սփիւռքի մէջ ունեցած իրենց մեծ ներդրումին համար:
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի պարարուեստի «Բարեկամութիւն» պետական համոյթը, Երեւանի կամերային երգչախումբը, «Կադանս» անսամպլը, «Սայաթ Նովա» աշուղական համոյթը, Հանրային հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի «Արեւիկ» մանկական անսամպլը, Հայ միջնադարեան երաժշտութեան «Օշական» անսամպլը, Արմենոիդներ, Արսէն Գրիգորեանը, Սոնա Շահգելդեանը եւ Այիտա Սարգսեանը:
Ստորեւ կու տանք Երեւանի մէջ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի արտասանած խօսքը ամբողջութեամբ.
«Ասկէ 80 տարիներ առաջ ծնունդ կ°առնէր Համազգայինը 1928 Մայիս 28ին՝ Գահիրէի մէջ: Իր բնօրրանէն արտաքսուած ժողովուրդը հիւրընկալ երկիրներէն ներս տակաւին կը գտնուէր գաղթակայաններու հիւղակներուն մէջ՝ թշուառ ու անպատսպար: Հասուն սերունդը ինկած էր առօրեայ ապրուստին ետեւէն, իսկ նոր սերունդը իր հոգեկան սնունդը սկսած էր առնել օտար միջավայրերու մէջ, շատ անգամ՝ գաղթակայաններու նեղ ու ծուռ փողոցներուն մէջ՝ նեղ ու ծուռ ազդեցութիւններու տակ: Ամէն տեղ նախակրթութիւնը սկսած էր գէշ-աղեկ կազմակերպուիլ, սակայն հայահոծ շրջաններէ ներս կը պակսէին երկրորդական ամբողջական վարժարաններ: Համազգայինի հիմնադիրները, որոնց կարգին էին Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Համօ Օհանջանեան, Գասպար Իփէկեան, կը գիտակցէին այդ իրողութեան: Լեւոն Շանթ ունեցած էր արդէն գրական-գեղարուեստական բեղուն գործունէութիւն: Լեւոն Շանթ ի°նքն էր, որ կու տար նոր ձեւի աշխատանքի ձեռնարկելու ի°ր տրամաբանութիւնը. °° գրականութիւնը լիւքս է, լիւքս°°, կ°ըսէր Լեւոն Շանթ, երբ մտերիմներ իրեն կը թելադրէին զբաղիլ միմիայն գրականութեամբ, °°որո՞ւ համար պիտի գրեմ, երբ ասկէ 20-25 տարի յետոյ, այդ գրուածքները կարդացող չպիտի ունենան: Հայութիւնը այժմ պէտք ունի նոր եւ թարմ մտաւորականներու, որոնք ուսուցիչ դառնան, գրագէտ ըլլան՝ եթէ ընդունակ են, գաղափարական մտաւորականի պարտաւորութիւնը ստանձնեն եւ լեցնեն այն անհուն պարապը, որ Ապրիլեան Եղեռնով բացուեցաւ ... °°: Հետեւաբար որոշումը յստակ էր. Պէտք էր կազմակերպել նոր երկրորդական վարժարան մը՝ հայահոծ շրջանի մը մէջ: Որոշումէն երկու տարի ետք Պէյրութի մէջ արդէն հիմը կը դրուէր Հայ Ճեմարանին, որ հետագային բարերարներու փափաքով ստացաւ Նշան Փալանճեան Ճեմարան անունը, իսկ հիմա կը կոչուի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան: Այդ դպրոցը կարճ ժամանակի մէջ հասցուց սերունդ, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ սփիւռքահայութեան պահպանման, անոր հոգեմտաւոր զարգացման ու ազգային քաղաքական իրաւունքներու գիտակցութեան ամրացման մէջ:
Կրթական գործը եղաւ Համազգայինի ութսունամեայ գործունէութեան առանցքը՝ պահպանելու համար սփիւռքահայ զանգուածի հայկականութիւնը, սկսելով՝ հայ լեզուի պահպանումէն: Հայ լեզու՝ որ Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր անկասկած թեւակոխած է իր զարգացման մէկ նոր փուլը:
Կարելի չէ ակնկալել անշուշտ, որ այս հանդիսաւոր տօնակատարութեան առիթով խօսինք մեր դէմ ցցուած բոլոր մարտահրաւէրներուն մասին: Բայց կ°ուզե°նք խօսիլ լեզուի մասին, որ ժամանակակից համահայկական մշակութային խնդիրներու մէջ գլխաւո°րն է թերեւս:
Հայութեան պատմական այլեւայլ երեւէջներուն պատճառով այսօր գոյացած են հայերէնի երկու հիմնական տարբերակներ՝ արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը. առաջինը՝ ազդուած ռուսերէնի եւ գերմաներէնի լեզուամտածողութենէն, երկրորդը՝ ազդուած ֆրանսերէնի կամ առհասարակ ռոմանական լեզուներու լեզուամտածողութենէն: Չխօսի°նք սփիւռքեան պայմաններու մէջ զարգացող անգլոսաքսոն, արաբական, լատինամետ ու յունամետ ազդեցութիւններու մասին՝ զանոնք նկատելով լուսանցքային: Այս զանազան ազդեցութիւնները կ°ընեն այնպէս, որ մենք յաճախ նոյն լեզուն խօսելով հանդերձ զիրար լաւ չհասկնանք: Հետեւաբար հայերէնը իրերու ներկայ վիճակին մէջ հայութեան զանազան հատուածներուն միջեւ հաղորդակցութեան կատարեալ միջոց մը չէ: Ի հարկ է, այս մտածումին եզրակացութիւնը այն չէ, որ հաղորդակցութեան ուրի°շ միջոց պէտք է փնտռուի, այլ՝ որ յատուկ ճիգ պէտք է թափուի, որպէսզի ժամանակի ընթացքին հայերէնի երկու տարբերակները իրարու մօտենան, եթէ þþմէկ ազգ, մէկ մշակոյթ, մէկ հայրենիքþþ լոզունգը մակերեսային ինքնաբաւարարման ծառայութեան կողքին, նաեւ՝ խորքայի°ն արժէք պիտի սկսի ունենալ: Կը նկատենք արդէն, որ հայրենի հայութեան եւ սփիւռքահայութեան միջեւ վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին ստեղծուած յարաբերութեան կարելիութիւնները արդէն իսկ որոշ տեղաշարժ յառաջ բերած են այս տեսանկիւնէն: Բայց գիտենք, որ հասունացման ժամանակամիջոցը այսպիսի հարցերու լուծման համար բաւական երկար կ°ըլլայ. այդ հասունացման ժամանակը կարելի է որոշ չափով կրճատել ապաւինելով ազգային ռազմավարութեան յստակ դրոյթներու: Այդ նպատակին մօտենալու միջոցներէն մէկն է, օրինակի համար, Երեւանի Պետական Համալսարանէն ներս արդէն իսկ իրականութիւն դարձած արեւմտահայերէնի ուսուցման եւ ուսումնասիրութեան յատուկ բաժանմունքի հաստատումը. ուրիշ օրինակ մըն է հայ լեզուի պետական տեսչութեան եզրաբանական վարչութեան մէջ արեւմտահայ թղթակից անդամներու ներառումը: Կը մնայ, որ այս կառոյցներուն համար արագ ու արդիւնաւետ աշխատելու պայմանները ստեղծուին: Երկո°ւքն ալ կը նպաստեն հայերէնի տարբերակներու, հետեւաբար՝ հայութեան զանազան հատուածներու յաւելեալ մերձեցման:
Հայոց լեզուի խնդիրը խորհրդարանական օրէնքով եւ նախագահական հրովարտակով անմիջականօրէն լուծուող հարցերէն չէ. բարի տրամադրութենէն զատ՝ նաեւ երկար ժամանակ է անհրաժեշտ: Կ°ուզենք սակայն անմիջապէս ձայնակցիլ վերջերս հնչած այն ահազանգին, թէ հայերէնը սկսած է դասուիլ վտանգուած լեզուներու շարքին: Խօսքը արեւմտահայերէնի մասին չէր միայն, այլ ընդհա°նրապէս հայերէնի մասին: Ըսուածը ճիշդ ու ակնբախ է: Հարցը անպայման օտարամուտ բառերու առատ գործածութեան մասին չէ, որ յատուկ վտանգ չի ներկայացներ, քանի առողջ մարմին մը ներմուծուածը կա°մ հարազատ կը դարձնէ ժամանակի ընթացքին, կամ ալ կ°արտաքսէ քիչ մը ցաւ զգալէ ետք: Հարցը այն է, որ հայերէնը այլեւայլ պատճառներով քայլ չէ կրցած պահել արդի արհեստագիտութեան արագ ընթացքին հետ: Ասիկա բարեբախտաբար գիտական կարողականութեան պակասի հարց մը չէ. ըլլա°յ հարենիքը, ըլլա°յ սփիւռքը մասնագիտական լայն գիտելիքներու տէր փաղանգներ ունի, սակայն հայերէն լեզուի համակարգչային գործածութիւնը կը շարունակէ ըլլալ սահմանափակ: Նոր սերունդներու մօտ վարժութիւն դառնալու վրայ է լատինատառ հայերէնը, երբ համակարգիչը սքանչելի գործիք է հայերէնի ուսուցման համար: Ճիշդ է, որ հայերէնի եւ հայագիտական այլ նիւթերու համակարգչային եւ հեռակայ ուսուցման համար մէկէ աւելի ծրագիրներ պատրաստուելու վրայ են, բայց արհեստագիտական այս մարզը յապաղում չի ներեր: Համաշխարհային մասշտապի վրայ պայմանները գլխիվար փոխուած են, սակայն այդ խորունկ փոփոխութիւններու խորքային գիտակցումը հասարակութեան կողմէ կ°ուշանայ: Հայեցի դաստիարակութեան միջոցներու արդիականացումը պէտք է ըլլայ շարունակական, իսկ արհեստագիտական նորութիւններու հայկականացուած որդեգրումը պէտք է ըլլայ անմիջական՝ պայքարիլ կարենալու համար միջազգայնացուող մշակոյթի պարտադրած մրցավազքային ընթացքին դէմ:
Համազգայինը գաղափարական սերունդի մը մտածումին եւ աշխատանքին արգասիքն է. ազգային գաղափարախօսութեան պտուղ՝ հարազատ ու անկեղծ: Ինչքան ալ ծայրահեղ նիւթապաշտութեան դարաշրջանի գագաթնեակէտին հասած ըլլանք՝ անձնական ու հաւաքական զոհողութիւն պէտք է, որպէսզի խօսքը իսկապէս գրաւիչ ու համոզիչ ըլլայ: Արուեստագէտ ըլլալու պէտք չկայ զգալու համար, թէ ի՞նչ ապրումներ ունեցաւ Լեւոն Շանթ, երբ որոշեց կրթական-մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալել՝ իր կեանքի մնացեալ տեւողութեան համար մէկ կողմ նետելով իր գրական արարչական գործը: Մահ իմացեալ՝ անմահութիւն:
Ահաւասիկ ասիկա° սկսած է պակսիլ մեր օրերուն. գործին հանդէպ հաւատքը, որ արդիւնք է գաղափարական մարդոց համեմատական նուազումին: Մարդոց՝ որոնք իրենց արտասանած խօսքին առաջին հաւատացողները իրե°նք կը հանդիսանան: Արդէն ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ մէկուն, երբ գիտես, թէ ինք իր խօսքին չի հաւատար: աղափարական մարդու անէացումը նպատակն է ազգային հաւաքականութիւնները անողնահար հոտերու վերածելու ներկայիս կիրառկուող քաղաքականութեան. մարդոց հոգիներն ու գրպանները կաշառելու մարտավարութեան: Ժամանակին թշնամին բարեկամէն զանազանելը դիւրին էր. բարեկամը արդար ձիթենիի ճիւղ բռնած կ°ըլլար, թշնամին՝ հրասփիւռ զէնք: Այսօր գայլը նո°յնպէս ձիթենիի ճիւղ բռնած է. գաղափարական պատրաստութիւն պէտք է ունենալ տեսնելու համար, որ այդ ճիւղը բնական չէ, կեղծ է՝ կերպընկալ նիւթէ պատրաստուած է: Այսպիսի սադրանքներ դիմակայելու համար անհրաժեշտ է պատրաստուած գաղափարական մարդը:
Համազգայինը իր միջոցներով այսօ°ր ալ կը փորձէ ամբողջացնել գաղափարական մարդոց նոսրացող շարքերը. կրթութեամբ ու դաստիարակութեամբ. այնպէս, ինչպէս փորձեցին Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը: Անոնք մեր գնահատումով՝ յաջողեցան: Ութսուն տարուայ փորձառութենէ ետք պատճառ չկայ ձախողելու, մանաւանդ, որ ներկայիս գոյութիւն ունեցող միջոցները անբախդատելիօրէն աւելի բազմազան ու բազմաթիւ են, քան սփիւռքեան կեանքի առաջին օրերուն: Կը մնայ գիտակցիլ այն վտանգի գոյութեան, որ կը սպառնայ մեր հաւաքականութեան: Դպրոցի եւ մշակոյթի զարգացման անհրաժեշտութիւնը նոյնքան կարեւոր է, որքան էր ան ասկէ ութսուն տարիներ առաջ՝ Համազգայինի հիմնադրութեան օրերուն: Չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ այսօր աւելի° հրամայական է, գէթ սփիւռքի պարագային, քանի կը պակսի հայրենի հողի բոյրը, որ տակաւին կը զգար տեղահան եղած հայ գաղթականը: Այսօր այդ բոյրը բարեբախտաբար զգալի է անկախացած հայրենիքի հետ անմիջական յարաբերութեան շնորհիւ»: