23 Նոյեմբեր 2017-էն՝ մինչեւ 26 Նոյեմբեր օրերուն Ալֆորվիլի (Փարիզ, Ֆրանսա) քաղաքապետութեան Մշակութային Բեւեռի (Pôle Culturel-POC) ընդարձակ սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքի Հայկական Մշակութային Տան (MCA) կողմէ տասնամեակէ մը ի վեր տարեկան յաճախականութեամբ տեղի ունեցող՝ Armen’Livres (Արմէն Գիրքեր) անունը կրող ձեռնարկը: Իւրաքանչիւր ձեռնարկին իբրեւ պատուոյ հիւր կը հրաւիրուի միութիւն մը կամ անհատ մը: Այս տարուան հիւրը Համազգայինն էր:
Բացման օրը (Հինգշաբթի, 23 Նոյեմբեր) աւելի քան տասնեակ մը մեծկակ սեղաններու վրայ ճաշակով զետեղուած էին զանազան գոյնի եւ չափի գիրքեր՝ ըստ նիւթի դասաւորուած. հայերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն եւ նուազ թիւով՝ անգլերէն լեզուներով:
Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը կատարեց Մշակութային Տան տնօրէնուհի Արաքս Տէր Գէորգեանը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք շուրջ հարիւր յիսուն հրաւիրեալ ներկաներուն, տուաւ այս նախաձեռնութեան պատմականը եւ տարիներու ընթացքին անոր արձանագրած յաջողութիւնը: Ան իր խօսքը աւարտեց ներկայացնելով օրուան հիւր հաստատութիւնը՝ Համազգայինը: Իրմէ ետք ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը եւ Ալֆորվիլի քաղաքապետ Միշել Կերշինովիցը:
Վերջաւորութեան ցուցադրուեցաւ Համազգայինի պատմութիւնն ու ներկայի գործունէութիւնը ամփոփող տեսերիզ մը:
Յաջորդ օրը աշակերտներու այցելութեան օրն էր: Փարիզի շրջանի չորս վարժարաններէն բազմաթիւ աշակերտներ (Դպրոցասիրաց, Սբ. Մեսրոպ-Գ.Արապեան, Համազգային-Թարգմանչաց եւ Հրանդ Տինք) այցելեցին ցուցասրահ երկու հանգրուանով: Համազգայինի մանկական ելեկտրոնային ուսուցողական Լալան ու Արան խաղերուն շարքին մասին փոքրիկ այցելուներուն լայն բացատրութիւններ տուին Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Նորսիկեան մանկապարտէզի տնօրէնուհի եւ Լալան ու Արան խմբակի մանկավարժական խորհրդատու՝ Թալին Եահնիեան եւ Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի խնամակալութեան փոխ նախագահ Յասմիկ Շահինեան: Երեխաներու աչքերը խանդավառութիւն կը մատնէին: Թէ՛ առաւօտուն, թէ՛ երեկոյեան պատանեկան կենսունակութիւնը յագեցուց ցուցասրահը:
Շաբաթ 25 Նոյեմբերի առաւօտուն Ալֆորվիլի իր կեդրոնին մէջ «Ռատիօ Այբ» հրաւիրած էր ուղիղ հեռարձակուող հաղորդում մը Cartes sur table յայտագրի ծիրէն ներս (https://youtu.be/NbwVLvbDz9Y): Հաղորդավար Վարդան Գաբրիէլեանի հարցումներուն պատասխանեցին Արաքս Տէր Գէորգեան, Սօսի Յակոբեան («Արմէն''-Լիվր»ի յանձնակատար), Թալին Եահնիեան, Մկրտիչ Եափուճեան (Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ) եւ Մկրտիչ Մկրտիչեան:
Իսկ երեկոյեան Մկրտիչ Մկրտիչեան ներկաներուն Համազգայինի պատմութեան եւ ներկայի գործունէութեան մասին զեկուցական դասախօսութիւն մը տուաւ, որուն աւարտին ուղղուեցան հարցումներ, որոնց սպառիչ պատասխաններ տուին Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Մկրտիչ Եափուճեան:
Իսկ վերջին օրը բազմահարիւր ազգայիններ այցելեցին ցուցահանդէսը, գնեցին իրենց գիրքերը եւ մտերմիկ խօսակցութիւն ունեցան ցուցահանդէսին ներկայ հեղինակներուն հետ:
Դեկտեմբեր 9-10 շաբաթավերջին նոյնանման ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանէն ներս, կազմակերութեամբ Parenthèses հրատարակչատան։
Թղթակից