17-23 oգոստոս 2008-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» համահայկական երրորդ փառատօնը, որուն Լիբանանէն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Քնար» պարախումբը:
40 անդամէ բաղկացած խումբը պիտի ներկայացնէ Պէյրութի մէջ մեծ յաջողութիւն արձանագրած «Քեզի համար, Ազնաւո°ւր»՝ Շարլ Ազնաւուրին նուիրուած պարային ելոյթը: Խումբին անդամները՝ պարախումբի պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեանը, պատասխանատուներն ու պարողները, ներկայ պիտի ըլլան նաեւ փառատօնի ծիրին մէջ տեղի ունենալիք զանազան ձեռնարկներուն:
Մշակոյթի մարզին մէջ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման ի խնդիր կայացող նշեալ մշակութային նախաձեռնութեան Համազգայինի քաջալերանքը ապացոյց է 80-ամեայ միութեան ունեցած հաւաքական ըմբռնողութեան եւ միասնաբար ժառանգութիւնը պահպանելու գրաւականին:
Տակաւի°ն, «Քնար» պարախումբի «Քեզի համար, Ազնաւո°ւր» թեմային ընտրութիւնը նոյնինքն յաւելեալ ցուցանիշ է, քանի որ Շարլ Ազնաւուր իր գործունէութեամբ ու ձեռքբերումներով դարձած է Սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ հաստատուած ամուր կամուրջներէն մէկը:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն