ԵՌԱԿՈՂՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԱՐԱՐԱՏԻ, ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԵՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
Երեքշաբթի, 30 Մարտ 2010-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմ հանդիպում՝ Իրանի Հայ Մշակութային Արարատ Կազմակերպութեան (ՀՄԱԿ), Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Կեդրոնական Վարչութիւններու միջեւ:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան՝ հայկական երեք միութիւններու միջեւ համատեղ գործակցութեան նոր հորիզոններ բանալու կարելիութիւնները, համագաղութային մակարդակով մարզական եւ մշակութային ծրագրեր իրականացնելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ գաղութներու միջեւ ճանաչողական, ընկերային եւ աշխատանքային յարաբերութիւններն ու գործակցութեան ոգին նորոգ թափով ամրապնդելու կարելի բոլոր միջոցները: