Երկուշաբթի, 16 եւ Երեքշաբթի, 17 Յուլիս 2012-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը գումարեց իր ԻԱ. Շրջանային ժողովը, ներկայութեամբ Կեդրոնական վարչութեան, մասնաճիւղերու, միաւորներու ներկայացուցիչներուն եւ հրաւիրեալ վաստակաւոր համազգայնականներու` քննարկելու համար ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան վերջին երկու տարիներու գործունէութիւնը եւ ճշդելու յառաջիկայ երկամեակի մշակութային քաղաքականութիւնն ու իրագործելի ծրագիրները:
Հանգամանօրէն քննարկելէ ետք ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան բազմաբնոյթ գործունէութիւնը, ժողովը եկաւ հաստատելու, որ հաւատարիմ հիմնադիրներու մշակութակերտ աւանդին եւ ամբողջական նուիրումի ժառանգին` Շրջանային վարչութիւնը ո՛չ մէկ ճիգ ու աշխատանք խնայած է եւ արձանագրած` գնահատելի նուաճումներ, մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մէջ` երաժշտութենէն մինչեւ պարարուեստ, գրական ձեռնարկներէ մինչեւ թատերական արուեստ եւ կերպարուեստէ մինչեւ այլ արուեստներ: Այս հաստատումը կատարելէ ետք, ժողովը յատուկ կարեւորութեամբ կանգ առաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի, «Գայեանէ» պարի դպրոցի, «Քնար» պարախումբի, «Կարկաչ» եւ «Այգ» երգչախումբերու, «Գասպար Իփէկեան» թատերական միաւորի որակական վերելքին եւ արձանագրած յաջողութիւններուն վրայ: Առ այդ, որոշեց յաւելեալ ծրագրումով եւ վերանորոգ նուիրումով շարունակել Համազգայինի ութսունամեայ նպատակասլաց ուղին` հասնելու համար լիբանանահայութեան մշակութային բոլոր կարիքներուն եւ գոհացնելու անոր ծով ակնկալութիւնները:
Ժողովի աւարտին, յառաջիկայ երկամեակին համար, ժողովականները ընտրեցին իրենց նոր Շրջանային վարչութիւնը` բաղկացած հետեւեալ համազգայնականներէն.-
Յակոբ Լատոյեան
Սարգիս Կիրակոսեան
Դոկտ. Սեպուհ Այնթէպլեան
Տոքթ. Սեպուհ Մանճեան
Շողիկ Ակոբեան
Սիլվա Քիւրքճեան
Նորայր Գարամանուկեան
Յակոբ Աբրահամեան
Րաֆֆի Աֆարեան
Լոլա Պէօյիւքեան
Հուրի Շննոզեան-Գէորգեան
ԴԻՒԱՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ