Կիրակի, 5 Նոյեմբեր 2017-ին վայելեցինք Համազգայինի հովանաւորութեամբ եւ Ցոլակ Խաչերեանի բեմադրութեամբ «Կռունկը Կը Կանչէ» թատերախաղը: Մեզմէ շատեր այս թատրերգութիւնը ըմբոշխնած են մէկէ աւելի անգամներ, սկսեալ 70ական թուականներէն, երբ առաջին անգամ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը շրջեցաւ Սփիւռքի զանազան գաղութներ, ներառեալ՝ Հալէպ, Դամասկոս, Գամիշլի, ներկայացնելով թատրերգութիւնը՝ Ժորժ Սարգիսեանի բեմադրութեանբ, եւ հմայելով բոլորը: Հայրենիքէն կանչող «Կռունկ»ը սթափեցման ահազանգ էր շատերուն, Կոմիտասեան երգի հոգեպարար մեղեդիին ընդմէջէն՝ մերթ յուզելով եւ մերթ զգաստացնելով, թէ նոյն ազգին պատկանող հայրենիքի խորհրդանիշ Կռունկը «Կը ծեծէր հայուն հոգիի պատերը»:
Հեղինակը՝ 101ամեայ Ժագ Ս. Յակոբեան, Կիրակի ժամանեց թատերասրահ եւ ուշի ուշով հետեւելէ ետք խօսք առնելով՝ յայտնեց իր յուզումն ու գնահատանքը Համազգայինին, թատերական միաւորին, բեմադրիչին, դերակատարներուն եւ հանդիսատեսներուն:
Սիրողական մակարդակէ շատ աւելի բարձր այս խաղարկութիւնը, կարգ մը դերակատարներուն մօտ կու տար այն խոստումը, թէ ապագային շատ աւելի յաճախակիօրէն պիտի տեսնենք նման բեմադրութիւններ, որոնց այնքա՛ն կարիքը ունի այս գաղութը:
Նիւթը՝ կեանքն է սփիւռքահայ ընտանիքի մը, որ գաղթած է Աւստրալիա, քառասունական թուականներուն: Նոր քաղաքը առիթ կու տայ ընտանիքի հօր՝ Մարգար Յակոբեանին, որ ընտրէ օտարումը եւ հեռանայ հայ համայնքէն, իբրեւ վրէժ իր մերժուած հայ գրողի անցեալէն: Անցեալ մը, որ զինք խոցած էր (իր բանաստեղծական առաջին հատորը անտեսելով), պատճառ դառնալով, որ ան ուրանայ իր ազգը եւ փոխէ անունը (Մարք Ճեքսըն) նոր քաղաքին ու շրջապատին մէջ: Այլ ընտանիքի մը հայրը՝ Գէորգ Արծրունի (Ցոլակ Խաչերեան), շատ աւելի բուռն ազգասիրութեամբ տոգորուն, ամէն գնով կը պայքարի ձուլումի դէմ՝ ժողով կազմակերպելով եւ նոր միութիւն հիմնելով, յանուն հայապահպանմա՛ն: Ժողովը պատկեր մըն է հատուածականութեան իբրեւ հետեւանք ծագած անհանդուրժողութեան եւ տարակարծութիւններուն: Կինը՝ Սրբուկ (Ծովինար Աբիկեան-Միքայէլեան), Ատաբազարէն եկած իր հայուհիի կերպարով եւ բարբառով կը ներկայացնէ համով-հոտով հայ կինն ու մայրը, որ մտահոգ է իր աղջկան՝ Ազատուհիի ապագայով, երբ վերջինս օտար ընկերոջ մը տուած է իր սիրտը, իսկ հայրը դէմ է այդ ընտրութեան:
Բախումներու ընդմէջէն զարգացող դէպքերը կը յանգին իրենց լրումին, եւ վերջապէս Մարգար ուրացողը դէմ յանդիման կը գտնուի իր բանաստեղծ զաւակի վերահայացումին: Հայրը ամէն գնով փորձած էր իր ազգութիւնը թաքցնել իր բանաստեղծ զաւակէն, որ հակառակ տեղւոյն գրական մրցանակին եւ հինգ հազար սթերլինկի արժանանալուն՝ կը մերժէ, որովհետեւ ինք կը նախընտրէր այդ մրցանակին տիրանալ իբրեւ հայ եւ ոչ թէ իբրեւ օտար գրող: Այս երկուութիւնները կը հանգուցալուծուին, երբ հայ զաւակը կը լքէ ազգամերժ ընտանիքը՝ անսալով Կռունկի կանչին, եւ կը նետուի հայութեան գիրկը. «Մենք կորսնցուցինք զինք, բայց հայութիւնը շահեցաւ», կ՛ըսէ հայրը՝ արձագանգելով մօր ափսոսանքին: