Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան եւ LA Concert Group-ի հրաւէրով, միջազգային ճանաչումի արժանացած լիբանանահայ արուեստագէտ Կի Մանուկեան իր առաջին եւ միակ համերգով ելոյթ ունեցաւ Շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2014-ի երկոյեան, San Gabriel Mission Playhouse-ի շքեղ հանդիսասրահը, ներկայութեամբ աւելի քան 1200 հանդիսատեսի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շրջանային վարչութեան ատենադպրուհի Անիթա Հաւաթեան, որ ներկայացուց Կի Մանուկեան արուեստագէտը եւ անոր արուեստին նկատմամբ Համազգայինի գնահատանքն ու արժեւորումը, մանաւանդ երբ շեշտը կը դրուի հայկականին կողքին ա՛յլ մշակոյթներու ծանօթացման եւ ներթափանցման, յատկապէս՝ Հայկական Սփիւռքի պարագային, իր բազմաշերտ ու աշխարհացրիւ դրուածքով, ու իբրեւ այդպիսին ենթակայ՝ իր գտնուած վայրի մշակութային փոխազդեցութիւններուն, առանց զիջելու իր ազգային մշակութային ժառանգութենէն: Այս իմաստով կարելի է արժեւորել Կի Մանուկեան երիտասարդ տաղանդը, իր երաժշտական յօրինումներու եւ վերամշակումներու ինքնատիպ կատարումներով, որոնք ոչ միայն գերեցին հանդիսատեսը, այլ կամրջեցին բեմին հետ, շնորհիւ Կիի հաղորդականութեան եւ անմիջականութեան: Իր ստեղծագործած երաժշտական յօրինումները նոյնքա՛ն մեծ արժէք կը ներկայացնէին, որքան իր վերծանումները՝ յարակցուած կարճ եւ դիպուկ պատումներու, ներկաները միտքով կը փոխադրէին դէպի անցեալ, իրենց մանկապատանեկան յուշերուն, իրենց հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ վերակենդանացնելով անկորնչելի յիշատակներու այն հոսքը, որ միայն հոգի եւ շունչ կը ստանայ յաճախ երգի մը մէկ ծուէնի յիշատակումով: