22 Փետրուար 2017-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի հերթական մշակութային երեկոն, 16-17 տարեշրջանի երկրորդը, քառասունէ աւելի ներկաներով:
Յայտագրի առաջին բաժինը նուիրուած էր Շառլ Ազնաւուրին, որուն կեանքն ու գործը գեղեցիկ կերպով ներկայացուց Նարա Սարդարեանը: Բազմաթիւ նկարներու եւ յատկանշական հոլովակներու ընկերակցութեամբ ան մեզի մօտէն ծանօթացուց Ազնաւուրին, իր մանկութենէն մինչեւ ներկայի աշխարհահռչակ երգիչ-երաժիշտի հանգամանքը: Տիկին Նարա ներկաներուն պարզեց ոչ միայն մեծ արուեստագէտի ինքնահաստատման դժուար ուղին, այլեւ անոր ընտանեկան կեանքին մասին տեղեկութիւններ, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրուեցան ներկաներուն կողմէ:
Նարա Սարդարեան ծնած է Վանաձոր 1981-ին ու երաժշտական ուսումը ստացած Երեւանի եւ Մոսկուայի մէջ: 2010-ին հաստատուած է Կիպրոս ու ներկայիս ան Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցիի քառաձայն երգչախումբին սիրուած ու յարգուած խմբավարն է:
Երկրորդ բաժինը նուիրուած էր «Բագին» գրական-գեղարուեստական եռամսեային, որուն ներկայացումը կատարեց Արթօ Դաւիթեանը: Ան համառօտ կերպով ներկայացուց «Բագին»ի պատմականը, սկսելով 1962-ի առաջին թիւէն, անդրադարձաւ բոլոր խմբագիրներու եւ աշխատակիցներու շնորհակալ աշխատանքին եւ իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ «Բագին» այսօր հանրութեան կը ներկայանայ նոր ու երիտասարդ անձնակազմով, արդիական խորքով ու տեսքով, արժանի՝ բոլոր գիտակից հայերու քաջալերանքին ու գուրգուրանքին:
Երեկոն փակուեցաւ բաժակ մը գինիով ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին արձանագրուեցան «Բագին»ի նոր բաժանորդներ: