Չորեքշաբթի, 16 նոյեմբերին Կիպրոսի Համազգայինի Օշական մասնաճիւղը կազմակերպեց Գրական Երեկոներու առաջին հանդիպումը, որ նուիրուած էր Դանիէլ Վարուժանին։
Բանաստեղծին կենսագրականը ներկայացուց հայերէնով հրատարակուող «Արձագանգ» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արթօ Դաւիթեան։ Հանդիսութեան մասնակիցները ընթերցեցին Ցեղասպանութեան ժամանակ մեծաթիւ հայ մտաւորականներու հետ նահատակուած բանաստեղծին գործերէն ընտրանի մը։
Երեկոն աւարտեցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, երբ բոլոր ներկաները խանդավառութեամբ հաւաքուեցան պանիրի եւ գինիի հիւրասիրութեան շուրջ։
Յանձնախումբը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Արթօ Դաւիթեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին երեկոյին յաջողութեան։ Յաջորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբերին։