Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս արժեւորեց ազգային գործիչ, մտաւորական, մանկավարժ եւ ուսուցիչ Կարօ Յովհաննէսեանի 40-ամեայ անխոնջ ծառայութիւնը` հայ մտքի արժանաւոր մշակն ու գործիչը հանդիսաւորապէս մեծարելով եւ պարգեւատրելով:
Մեծարանքի հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 1 Մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ, կազմակերպուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքին եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ ու կը վայելէր հովանաւորութիւնը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:
Բացման խօսքը արտասանեց Նորա Թաշճեան, ան կարեւոր նկատեց ընկերային կեանքի կազմաւորման ու զարգացման մէջ հաւաքականութեան առաջնորդներուն վարքն ու բարքը, ազգային տեսլականով տոգորուած ըլլալը եւ բարոյական արժէքներ կրելու հանգամանքը: Ապա ըսաւ, թէ Կարօ Յովհաննէսեան կարեւոր նկատած ու ստանձնած է դժուարագոյն ասպարէզներէն` կրթական մշակի ասպարէզը: Ն. Թաշճեան, ներկայացնելով Կարօ Յովհաննէսեանի կենսագրական տուեալները, հաստատեց, որ ան տակաւին կը շարունակէ սնուցանել նոր սերունդներու մտքերն ու հոգիները, զանոնք կը մղէ հմտանալու, փնտռելու ճշմարիտն ու ազնուագոյնը: Ան եզրափակեց խօսքը` ըսելով, թէ Կարօ Յովհաննէսեանի հաւասարակշռուած ու արդարադատ մարդկային եւ գերազանցապէս սկզբունքային նկարագիրը պիտի շարունակէ մնալ չափանիշ ու ներշնչարան: