Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեանե երաժշտական քոլեճին, Ուրբաթ, 11 Յունիս 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթե մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեանե սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քոլեճի 8-րդ դասարանի 17-ամեայ աշակերտ Կարօ Մուղալեանի ջութակի մենահամերգը՝ ներկայութեամբ համազգայնականներու, երաժիշտներու, արուեստասէրներու եւ ընտանեկան պարագաներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու վարիչ տնօրէն Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ նմանօրինակ համերգներ կը միտին քաջալեր հանդիսանալ աշակերտներուն՝ անոնց տրամադրելով բեմ, որպէսզի ձեռք բերեն համապատասխան փորձառութիւն: Տեմիրճեան ըսաւ, որ աշակերտները կը յաջողին, երբ կազմակերպուած կերպով կը հետեւին կրթական ծրագիրին, երբ ունին տաղանդ ու իրենք զիրենք կատարելագործելու կամք, եւ երբ կը վայելեն մասնագէտ ուսուցիչներու հսկողութիւնն ու աջակցութիւնը: Այս առիթով, Տեմիրճեան հաստատեց, որ Կարօ Մուղալեանի ուսուցիչ Գարիկ Գասպարեանի դերակատարութիւնը էապէս արժանի է համապատասխան գնահատանքի. վերջինիս ջանքերուն շնորհիւ իրականացած է այս նախաձեռնութիւնը: Իր խօսքի աւարտին Րաֆֆի Տեմիրճեան յոյս յայտնեց, որ այս մենահամերգը սկիզբը հանդիսանայ նորանոր նուաճումներու եւ ձեռքբերումներու:
Ապա ելոյթ ունեցաւ «Բ. Կանաչեանե երաժշտական քոլեճի աշակերտ Կարօ Մուղալեան, որ ջութակով նուագեց Պախի, Թարթինիի, Խաչատուրեանի, Կոմիտասի եւ Պերիոյի ստեղծագործութիւններէն: Մուղալեանին դաշնակով ընկերակցեցաւ Նաթալիա Կապուսթինան:
Կարօ Մուղալեան իր անդրանիկ համերգի բարձրորակ կատարումով արժանացաւ ներկաներու ծափահարութիւններուն, եւ անոնց բուռն փափաքին ընդառաջելով՝ ելոյթի աւարտին ան անգամ մը եւս նուագեց Կոմիտասի «Ախ մարալ ջանե ստեղծագործութիւնը: