Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Կիրակի, 15 Մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբին ելոյթը, ղեկավարութեամբ` երգչախումբի խմբավար Զաքար Քէշիշեանի:
Յայտագիրը սկիզբ առաւ «Ըմէյզինկ կրէյս» հոգեւոր երգով, ուր հետաքրքրական էր առանց երաժշտութեան ընկերակցութեան պատանիներու երաժշտական բարձր կատարումը, ապա խմբավար Քէշիշեան քաջալերանքով ներշնչեց պատանիները եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւին, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանին: Յայտագիրը շարունակուեցաւ բարձր խանդավառութեամբ: Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աւարտական դասարաններէն Հենրի Իշխանեան ներկայացուց «Այ էմ սմոլ փարթ աֆ տը ուորլտ» երգը` դաշնակի վրայ: Յայտագիրը շարունակուեցաւ Լիանա Յարութիւնեանի ընկերակցութեամբ, որուն ներկայացուցած` լիբանանահայ երաժիշտ Սարգիս Շաթըրեանի «Նուրիէի շուկան» երգը իր հաճելի անդրադարձը ունեցաւ ներկաներուն վրայ: