Կազմակեպութեամբ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան, հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի դասընթացքներու ծիրէն ներս, Շաբաթ 22 Դեկտեմբեր 2012-ին Համազգայինի Նորսիկեան մանկապարտէզէն ներս տեղի ունեցաւ Կաղանդի տօնակատարութիւն։
20 աշակերտներ Կաղանդ Պապուկին հետ ուրախ եւ հայկական մթնոլորտով երգեցին, պարեցին, խաղացին եւ նուէրներ ստացան։