Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Սբ. Յակոբ ազգ. վարժարանի մէջ, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած «Ծառայութեան Տարի» ձեռնարկը, ուր Սրբազան Հայրը գնահատագրերով օժտեց Միութիւններու մէջ 20 տարիներ շարունակ ծառայած անդամները։
Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւնը այս առթիւ կը շնորհաւորէ եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթէ իր անդամներուն, որոնց ցանկը Առաջնորդարանին տրամադրուած էր Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան կողմէ։
Համազգայինի շարքերը հարուստ են այսպիսի թեկնածուներով, սակայն ըստ Առաջնորդարանի ցուցմունքին, ցանկը պէտք էր սահանափակել միայն ութ անուններով:
«Ծառայութեան Տարի»ի առիթով գնահատագիրի արժանացան հաւատաւոր համազգայնականներ Ժիրիկ Պետրոսեան, Յասմիկ Պապեան, Այիդա Ֆրանգեան, Մարալ Հասըրճեան, Գալուստ Պապեան, Սոնա Յովհաննէսեան, Անի Հասըրճեան եւ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան։
Թարգմանչաց Տօնին առիթով, հայ լեզուի ուսուցիչներու կողքին գնահատագիրի արժանացան Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի Գրատարած Գրադարանի յանձնախումբէն ժրաջան անդամներ Արշօ Զաքարեան, Սօսի Թաշճեան, Էլիզ Շարապխանեան, Լիսա Սարխանեան, Էօժենի Բարսեղեան, Կարօ Ակինեան եւ Արփի Գասապեան։
Վարձքը կատար բոլորին։