Հայկական Ցեղասպանութեան առթիւ հրատարակուեցան յուշագրութիւններ, ուսումնասիրութիւններ եւ պատմական գիրքեր։ Իւրաքանչիւրը իր կարեւոր տեղը ունի մեր դատին, փաստագրութիւններուն, ինքնութեան, պատմութեան եւ իրաւունքներուն մէջ։ Այդ գիրքերուն կարգին են Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Խաչելութեան Ճանապարհը» եւ «Խաչելութիւնէն Յարութիւն» գիրքերը։
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թորոնթոյի Գլաձոր մասնաճիւղի գրադարան գրատարածի յանձնախումբը կազմակերպած էր վերը յիշուած գիրքերուն շնորհահանդէսը Չորեքշաբթի 13 Ապրիլ, 2016-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ «Յովնանեան» ներքնասրահը, ուր 70-է աւելի գրասէրներ ներկայ էին։
Օրուան հանդիսավարն էր Ժիւլիէթ Ճանպազեան, որ իր յստակ առոգանութեամբ հեզասահ կերպով վարեց յայտագիրը։ Հեղինակին փափաքով, խտասալիկի միջոցաւ երկու երգեր հրամցուեցան, մէկը Արթիւր Մէսչեանի «Ուր էիր Աստուած», իսկ երկրորդը Մարթին Ահարոնեանի «Սուրբերու Աչքեր»ը։ Միեւնոյն ժամանակ, պաստառի վրայ ցուցադրուեցան ցեղասպանութենէն լուսանկարներ, մանաւանդ՝ որբերու կեանքէն եւ վերակազմուած սփիւռքէն։
Հանդիսավարը ներկայացուց բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի կենսագրականը։ Ան թէ՛ բժշկական եւ թէ ազգային գետնի վրայ յատուկ նուաճումներ արձանագրած է։ Արժանացած է թէ՛ Կիլիկեան կաթողիկոսարանէն եւ թէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն շքանշաններու՝ իր երկարամեայ բեղուն ծառայութիւններուն եւ նուիրումին համար։
Գիրքերը ներկայացուց Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Ս. Եպս. Բարիքեան։ Ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը հակառակ իր ողբերգական պատմութեան կրցած է վերակենդանանալ, վեստեղծել եւ կառչիլ իր հաւատքին ու արժէքներուն։ Օրինակ բերաւ մեր գոյութեան ծաղիկները, ճիւղերը եւ բունը, որոնք խլուեցան մեզմէ, սակայն կրցանք հասակ առնել, ծաղկիլ եւ ճիւղաւորուիլ հիմնուելով մեր արմատներուն վրայ, նոյնիսկ երբ մենք մեր հայրենիքէն հեռու մնացինք։ Երկու հատորները միասին են, որովհետեւ իրար կ՚ամբողջացնեն։ Սրբազան հայրը անձնական դրուագներով եւ յատուկ օրինակներ տալով, վեր առաւ Բժ. Հարպոյեանի արժանիքները, որակելով զայն գլխագիր Մարդ։
Կիլիկիա երգը խտասալիկի վրայ ներկայացուեցաւ։ Հեղինակը խօսք առաւ յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնելով յայտագիրին մէջ իրենց ներդրումը ունեցողներուն։ Ան գեղեցիկ անակնկալ մը ունէր Սրբազան Հօր՝ արձանագրուած երգ մը իր ձայնով, երբ ան տասը տարեկան պատանի էր Պէյրութի Ծնծղայ երգչախումբին մէջ։
Հարց պատասխանի ընթացքին հեղինակը շեշտեց ստոյգ եւ հաստատ տեղեկութիւններու կարևորութիւնը։ Գիրքերու մակագրութեան ժամանակ սուրճի և կարկանդակներու շուրջ շարունակուեցաւ անպաշտօն եւ ընկերային մասը այս շնորհահանդէսին։
Արշօ Զաքարեան
21 Ապրիլ, 2016